ՆՈՐ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵ՞Ր

Ապրիլի 24-ի այս տարուան ոգեկոչումները զուգորդուեցան նախորդ տասնամեակներէ աւելի տարբեր շեշտադրումներով։ Այս տարի աւելի ընդգծուած ձեւով ակնարկութիւններ կատարուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, Հարաւային Կովկասի իրադրութեան եւ տարածքաշրջանային հեռանկարներուն։ Յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով այս երեւոյթը ունէր իր տրամաբանութիւնը՝ մանաւանդ, որ Հայաստան արտակարգօրէն դժուար մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Զանազան մակարդակներու վրայ կատարուած յայտարարութիւնները, ըստ երեւոյթին, նոր ազդանշաններու բնոյթը ունեցան այս բոլոր առումներով։

Երեւանի մէջ էր Ֆրանսայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Փարիզէն թէ՛ օրէնսդիր եւ թէ գործադիր իշխանութիւններէն յառաջատար դէմքեր Հայաստան փութացած էին այս տարուայ Ապրիլի 24-ին։ Այսպէս, Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէ եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուան։ Անոնք ոգեկոչումներուն համար Երեւան մեկնած ըլլալով՝ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ առաջնահերթօրէն անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Ժերար Լարշէ թէ՛ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հիւրընկալուեցաւ։ Նախագահական ապարանքին մէջ Արմէն Սարգսեան պարգեւներ յանձնեց իրեն եւ ընկերակից պատուիրակութեան անդամ կարգ մը ծերակուտականներուն։ Ժերար Լարշէ այցելեց նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողով։ Խորհրդարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ իր եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ «Մենք կը փափաքինք անցնիլ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման ճանապարհով», յայտարարեց այս փուլին Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահը։

Ըստ Երեւանէ հասած լուրերուն, Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլի 24-ին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներուն ժամանակ ալ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ։

Բաց աստի, Ժերար Լարշէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան առընթեր Լարշէ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թանգարանները եւ Ս. Գայիանէի միջնադարեան պատմական վանքին մէջ ներկայ գտնուեցաւ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, զոր մատուցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ։

Ժերար Լարշէի հետ զրուցելու ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը հայ ժողովուրդի անունով երախտագիտութիւն յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ Ֆրանսայի ջանքերուն համար։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ պատերազմը աղիտալի հետեւանքներ ունեցած է եւ հայ ժողովուրդը Եղեռնի վիշտը նորովի վերապրած է պատերազմէն յետոյ՝ իր սրտին մէջ ունենալով զոհերու կորուստի ցաւը։ Նորին Սրբութիւնը մտահոգութեամբ հաստատեց, որ այսօր ալ՝ յետպատերազմեան շրջանին, Ատրպէյճան հանդէս կու գայ ակրեսիւ կեցուածքով՝ շարունակելով սպառնալիքներու հռետորաբանութիւնը եւ վտանգելով փըխ-րուն խաղաղութիւնը տարածքաշրջանէ ներս։ Արցախի հիմնախնդրի կարգաւորման եւ առկայ հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց միջազգային հանրութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու աջակցութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս արծարծեց նաեւ գերիներու հարցը։

Ժերար Լարշէ ընդգծեց, որ իր գլխաւորած պատուիրակութեան այս օրերու այցելութեան նպատակն է Հայաստանի նկատմամբ համերաշխութիւն արտայայտելը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 26, 2021