ԱՐԲԱՆԵԱԿԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի համագործակցութիւնը կը շարունակէ զարգանալ բոլոր ուղղութիւններով։ Այսպէս, կը հաղորդուի, որ յառաջիկային Իսրայէլ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւններէն մէկը Ատրպէյճանին պիտի տրամադրէ՝ 120 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ երկու արբանեակ։ Այս լուրը արձագանգ գտած է նաեւ հայկական լրահոսին մէջ։

Ապագայ մատակարարման այս գործընթացին կապակցութեամբ հրապարակուած են նաեւ մանրամասնութիւններ՝ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի վերջերս Ատրպէյճան կատարած այցելութեան զուգահեռ։ Ինչպէս ծանօթ է, ան 18-19 ապրիլին շփումներ ունեցած էր Պաքուի մէջ։ Նախարար Քոհենի այցելութեան լոյսին տակ իսրայէլացի լրագրող մը այս կապակցութեամբ հանդէս եկած է հրապարակումներով։ Ըստ իր տեղեկացուցած մանրամասնութիւններուն, Քոհենի Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին եւ աւելի վերջ այս գործարքի արդիւնքներուն շուրջ նիւթեր հրապարակուած են։ Այդ բոլորի որպէս աղբիւր ցոյց կը տրուին նախարար Քոհենի գրասենեակն ու Իսրայէլի իրաւապահ մարմինները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023