ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՆՈՐ ՀԱՐԹՈՒԹԻՒՆ

Վրաստան մինչեւ տարեվերջ պիտի ստանայ Եւրոմիութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ։ Թիֆլիզ աւարտած է՝ այդ կարգավիճակը ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ 12 յանձնարարականներու աշխատանքները եւ մինչեւ տարեվերջ Պրիւքսելի կողմէ իրեն պիտի տրամադրուի անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ։

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Ղարիպաշվիլի եւ Միշել գլխաւորաբար կանգ առին Վրաստանի ԵՄ-ի անդամակցութեան գործընթացին վրայ։ Ղարիպաշվիլի պատմեց Վրաստանի կողմէ 12 առաջնահերթութիւններու կատարման ուղղեալ ջանքերու գործադրութեան մասին։ Ան շեշտեց, որ այս գործընթացէն ներս Թիֆլիզի իշխանութիւնները մշտական խորհրդակցութեան մէջ են ԵՄ-ի եւ անդամ երկիրներու կառոյցներուն հետ։ Վարչապետին խօսքով, յանձնարարականներու մեծ մասը արդէն աւարտած է եւ արձանագրուած յառաջընթացին համապատասխան՝ մինչեւ տարեվերջ Վրաստան արժանի պիտի ըլլայ թեկնածուի կարգավիճակին։ Հանդիպման ընթացքին Ղարիպաշվիլի եւ Միշել կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Ուքրայնայի իրադրութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։

Հարցախոյզներու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Վրաստանի քաղաքացիներուն գրեթէ 90 տոկոսը կողմնակից է երկրի ԵՄ-ի անդամակցութեան։

Պրիւքսելի մէջ, երէկ, Ղարիպաշվիլի տեսակցեցաւ նաեւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Ան նշեց, որ Վրաստան ՆԱԹՕ-ի յուսալի գործընկերն է ու պատրաստ է դաշինքին հետ համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի խորացնելու։

Հարկ է յիշեցնել, որ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէն ալ վերջին օրերուն այցելած էր Պաքու, ուր ընդունուած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023