ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Վերջին օրերուն Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցած է բռնի դէպք մը, որ լայն արձագանգ ստեղծած է հայկական հանրային կարծիքին մօտ։ Այսպէս, Վրաստանի «Հայ համայնք» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Արթուր Միրզոյեան յարձակումի մը ենթարկուած է Թիֆլիզի մէջ։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, ենթական այս մասին տեղեկացուցած է ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը, նաեւ հրապարակելով տեսանիւթ մը։
Հարկ է նշել, որ Արթուր Միրզոյեանի վրայ կատարուած յարձակման դէպքը կ՚առընչուի 24 Ապրիլի ոգեկոչումներուն հետ։ Մեծ եղեռնի 108-րդ տարելիցին առթիւ ան կազմակերպած էր զանազան միջոցառումներ եւ ներկայիս կը տեղեկացնէ, թէ իր ենթարկուած դէպքը առընչուած է անոնց հետ։
Արթուր Միրզոյեան տեղեկացուցած է, որ իր վրայ յարձակած յանցագործները զինքը գետին տապալած են ու կոտրած են իր հեռաձայնը։