ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱԹԱՐՈՒՄ
Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ պայթիւնավտանգ եւ Պաքուի քայլերը միշտ կը հրահրեն առկայ վտանգաւոր ընթացքը։ Ամիսներ շարունակ Արցախը պաշարման տակ պահելէ վերջ, շաբաթավերջէն ի վեր Ատրպէյճան արդէն նոր հարթութեան մը վրայ դրած է իր արկածախնդրութիւնը։ Լաչինի միջանցքին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերը փակած են Հակարիի կամուրջը։ Ատրպէյճան արդէն անցակէտ մը կը հաստատէ միջանցքին մէջ, ինչ որ անկարելի կը դարձնէ նաեւ՝ վերջին ամիսներու արդէն շատ սահմանափակ երթեւեկը։ Արցախի մուտքին զետեղուած է մեծ եռալեզու ցուցանակ մը, ուր անցաւորները կը զգուշացուին, թէ մուտք կը գործեն Ատրպէյճանի տարածք։
Շաբաթավերջէն ի վեր ստեղծուած այս հրատապ պայմաններուն ներքեւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի կ՚ունենան իրերայաջորդ խորհրդակցութիւններ։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի բանբերը առաջին իսկ պահուն տեղեկացուցած էր, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը քայլերու կը ձեռնարկէ՝ իրավիճակի կարգաւորումը ապահովելու նպատակով։
44-օրեայ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան երաշխաւորը՝ Մոսկուա արդէն այսպէսով հերթական անգամ կը մատնուի ծանր կացութեան։ Պաքուի բոլոր քայլերը կու գան վերահաստատել Մոսկուայի սնանկացումը Հարաւային Կովկասէ ներս։ Լաչինի միջանցքին մէջ անցակէտի տեղադրման զուգահեռ՝ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ Ատրպէյճանի հետ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լաչինի միջանցքի պարագային չհամաձայնեցուած դրութեան հաստատումը անընդունելի է։ Իսկ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութիւնը այլընտրանք չունի։ Մոսկուայէն հնչած այս յայտարարութիւնները դաշտի վրայ գործնականօրէն որեւէ արդիւնք չեն ապահոված։ Փաստը այն է, որ Լաչինի միջանցքը մաս կը կազմէ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին եւ այնտեղ ռուսական կողմը վաղուց ի վիճակի չէ իր դերը խաղալու։
Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ երէկ Երեւան այցելեց Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին, որ բանակցութիւններ վարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։ Միրզոյեան շեշտեց, որ հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան դրոյթներուն համապատասխան Լաչինի միջանցքի ընդհանուր կարգի վերականգնման ուղղութեամբ Հայաստանի դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն կողմէ յստակ արձագանգի եւ գործօն քայլերու անհրաժեշտութիւնը խնդրոյ առարկայ է։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջին օրերուն յայտարարութիւն մըն ալ հրապարակած էր՝ շեշտելով, որ ռուսական կողմը ի վերջոյ պէտք է կատարէ իրեն վիճակած դերը։
Առկայ տագնապալի կացութեան մէջ Արցախի ռուս խաղաղապահ զօրախումբին համար ալ նշանակուեցաւ նոր հրամանատար մը։ Ռուս խաղաղապահներուն գլուխը անցաւ զօրավար Ալեքսանտր Լենցով։ Արցախէն կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ այս փոփոխութիւնը կապ ունի անցակէտի տեղադրման հետ։
Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Այս առթիւ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանէն ներս հաստատուած ռազմաքաղաքական ու մարդասիրական իրադրութեան շուրջ։ Ըստ Փաշինեանի, Լաչինի միջանցքէն ներս Ատրպէյճանի քայլերը միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումներ իրականացնելու եւ Արցախը ամբողջութեամբ հայաթափելու ուղղեալ իր քաղաքականութեան հետեւողական իրագործման։ Փաշինեան շեշտեց, որ Ատրպէյճան տարածաշրջանային խաղաղութիւնը խարխլելու հետամուտ գործողութիւններ կ՚ընէ եւ շատ կարեւոր է միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգը։ Գործօն քայլերու ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը մատնանշելու առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռի անվերապահ կատարման։
Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին շուրջ։ Կողմերը կարեւորեցին տարածաշրջանէն ներս կայունութեան ու խաղաղութեան ապահովման ուղղեալ հետեւողական ջանքերը։
Բաց աստի, Փաշինեան հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Լաչինի միջանցքի փակումէն ի վեր անոնք արդէն քանիցս ունեցած են հեռախօսազրոյցներ։ Պաշտօնական աղբիւրները այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Լաչինի միջանցքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։
Արեւմուտքն ալ վերջին դէպքերուն կը հետեւի անմիջական ուշադրութեամբ։ Ուաշինկթընէն եւ Փարիզէն կը հնչեն յայտարարութիւններ, ըստ որոնց առկայ ընթացքը խաղաղութեան գործընթացը կը խաթարէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը իրերայաջորդ յայտարարութիւններով անհանգստութիւն յայտնած է ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Մինչ այդ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան ալ կ՚այցելէ տարածաշրջան։