ՇԻՆԻՉ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Անգարա-Մոսկուա-Դամասկոս-Թեհրան առանցքին վրայ աշխուժութիւնը հետզհետէ թափ կը հաւաքէ։ Երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Սուրիոյ եւ Իրանի պաշտպանութեան նախարարներուն եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներուն հանդիպումը։ Քառակողմանի բանակցութիւններուն Թուրքիոյ կողմէ մասնակցեցան Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար եւ ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան։ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի տանտիրութեամբ կազմակերպուած հաւաքին ներկայ գտնուեցան նաեւ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մուհամմէտ Ռըզա Աշտիանի եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալի Մահմուտ Ապպաս։

Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են Սուրիայէ ներս անվտանգութեան ամրապնդման, Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ առնուելիք հաւանական շօշափելի քայլերուն վերաբերեալ նիւթեր։ Նախարարները քննարկած են նաեւ Սուրիոյ տարածքէն ներս անխտիր բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ բոլոր ծայրայեղական խմբաւորումներու դէմ պայքարը, սուրիացի գաղթականներու վերադարձին ուղղեալ ջանքերու խտացումը։ Կողմերը վերահաստատած են իրենց յարգանքը Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։ Շինիչ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է ժողովը, որու ընթացքին Սուրիոյ եւ ամբողջ տարածաշրջանէն ներս կայունութեան հաստատման ու տեւականացման առումով կարեւորուած է քառակողմանի այս ձեւաչափով ժողովներու տեւականացումը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երէկուան բանակցութիւններէն վերջ Դամասկոսէն հրապարակուած պաշտօնական տուեալներուն մէջ նշուեցաւ, որ օրակարգի վրայ եկած են Սուրիայէ ներս Թուրքիոյ զինուորական ներկայութեան վերջ տալու եւ այդ երկրի M4 մայրուղիի վերաբացուելու վերաբերեալ հարցեր։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023