ՊԱՐՏԻԶԱԿԻ ՄԱՍԻՆ ՎԷՊ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս հրատարակած է հետաքրքրական վէպ մը, որ կը կոչուի «Kızgın Buhardaki Koza» եւ որու հեղինակն է Յակոբ Կոպէլեան։ Սա ունի պատմավէպի մը բնոյթը, որովհետեւ գործը կը վերաբերի անցեալի հայաբնակ Պարտիզակին եւ անոր վերաբերեալ ինչ-ինչ յիշողութիւններու։ Յակոբ Կոպէլեան, որ պոլսահայ ընթերցասէր շրջանակներուն համար օտար անուն մը չէ, իսկապէս շատ լաւ վէպ մը պատրաստած է՝ մեկնակէտ ունենալով նաեւ իր ընտանիքին պատմութիւնը եւ իրեն ժառանգուած բազմաբնոյթ յիշողութիւնները։ Վէպին մէջ հեղինակը ցոլացուցած է Պարտիզակի երբեմնի խայտաբղէտ պատկերը, այդ ամբողջին մէջ հայոց զբաղեցուցած տիրական դիրքը, մետաքսի արտադրութեան հանգամանքները եւ այլ զանազան ծալքեր։ 360 էջէ բաղկացեալ այս վէպը միեւնոյն ժամանակ պատմական հենքով ընթերցողին մատուցուած ոդիսականի մը բնոյթը կը կրէ, ինչ որ կը բարձրացնէ անոր հետաքրքրութիւնը եւ ընթերցողին առջեւ կ՚ուրուագծէ լայն հորիզոններ։

Յակոբ Կոպէլեան, որ 1969 թուականին ծնած է, որդին է հանգուցեալք Անայիս-Երուանդ Կոպէլեաններուն։ Իր հայրը՝ Երուանդ Կոպէլեան եղած է պոլսահայ մամուլի երախտաշատ սպասաւորներէն։ Յակոբ Կոպէլեան, որ Կեդրոնականը աւարտելէ վերջ Իսթանպուլի Թեքնիք համալսարանին մէջ համակարգչային ճարտարագիտութիւն ուսանած է, երիտասարդութեան տարիներուն հիմնած է նաեւ «Նորք» հրատարակչութիւնը։ Ան հոգելոյս Յակոբ Այվազի կողմէ հրատարակուած «Քուլիս» պարբերաթերթի վերջին տարիներու արտադրութեան համար մեծ վաստակ ներդրած է։ Միեւնոյն ժամանակ, իր լուսահոգի հօր՝ Երուանդ Կոպէլեանի վերջին երեք հայերէն գիրքերը հրատարակութեան պատրաստած է։ Բաց աստի, Երուանդ Կոպէլեանի պատմուածքներու հատընտիրի թրքերէն թարգմանութիւնն ալ ապահոված է՝ համագործակցելով «Արաս» հրատարակչութեան հետ։ Յակոբ Կոպէլեան, որ ներկայիս համակարգչային բնագաւառի մէջ արհեստավարժ գործունէութիւն կը ծաւալէ, այսպէսով առաջին անգամ որպէս հեղինակ կը ներկայանայ ընթերցասէրներուն։ Գիրքի հրատարակութեան առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք հեղինակը եւ հրատարակիչները։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023