ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆԻ ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ

Կը տեղեկանանք, որ Մոնրէալի մէջ լոյս տեսած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Վրէժ-Արմէնի գրութիւններու համապարփակ մատենագիտութիւնը։ 1954 թուականի մայիսէն մինչեւ այս տարուան մարտ ամսուան ժամանակաշրջանը՝ այս մատենագրութեան մէջ արդէն ամփոփուած են հեղինակին կողմէ ստորագրուած բազմաբնոյթ գրութիւնները։ Մատենագիտութիւնը ի մի բերած է հեղինակի տարբեր բնոյթով գրածները՝ 22 թերթերու եւ պարբերաթերթերու, յատկապէս՝ իր գլխաւոր հարթակներուն մէջ լոյս տեսածները։ Հարկ է նշել, որ այդ հարթակներն են՝ «Յուսաբեր»ը (1955-1966), «Հայաստան»ը (1964-1968), «Հայրենիք»ը (1966-1981), «Դրօշակ»ը (1985-էն մինչեւ օրս) եւ «Հորիզոն»ը (հիմնադրութեան օրէն՝ 1979-էն ցայսօր)։ Առանձնաբար պիտի պատրաստուի իր ասպարէզին՝ ճարտարապետութեան վերաբերեալ օտարալեզու յօդուածներու մատենագիտութիւնը։ Վրէժ-Արմէնի նոր լոյս տեսած այս մատենագիտութեան մէջ ընդգրկուած են իր ակնարկները, ընկերային մտորումները, խմբագրականները, թղթակցութիւնները, գիրքերու եւ դէմքերու մասին յօդուածները, թարգմանութիւնները, հարցազրոյցները, «Ոստայն» ու նման պատումները եւ այլն։ Այս ամբողջին մէջ յատուկ նշումով ցոյց տրուած են այն գրութիւնները, որոնք երեւցած են նաեւ Վրէժ-Արմէնի ցարդ լոյս տեսած 17 հատորներուն մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2023