THE OSLO HERITAGE SOCIETY-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ԵՐԲԵՄՆԻ ՈՐԲԱՆՈՑԻ ՇԷՆՔԸ
Մեծ կղզիի յունաց երբեմնի որբանոցի պատմական շէնքի վերանորոգման գործընթացը վերջին շրջանին զանազան հարթութիւններու վրայ անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ՝ ներառեալ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւնները։ Վերջերս պատմական այս փայտաշէն շէնքի վերականգնման աշխատանքները թափ ստացած են։ Համալիրը կ՚ընդգրկէ կրթական բաժին մը եւ այլ յարակից բաժանմունքներ։ Հիմնական մասը արտաքին յենարաններով պաշտպանութեան տակ առնուած է եւ արդէն մրցոյթներ կը նախատեսուին գործնական փուլին ընդառաջ։ Կը նախատեսուի, որ մրցոյթներու առաջին փուլը աւարտին հասնի շուտով։ Ըստ նախագծին, առաջին փուլին կրթական բաժինը պիտի վերանորոգուի. խօսքը կը վերաբերի 10 հազար քառակուսի մեթր տարածքի մը։ Աւելի վերջ կարգը պիտի հասնի որբանոցի բուն շէնքին ուղղեալ աշխատանքներուն։ Ընդհանուր մակերեսը 20 հազար քառակուսի մեթր է։
Այս ամբողջ աշխատանքները կը համակարգէ յոյն համայնքէն Լաքի Վինկաս։ Վերջերս ան Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց The Oslo Heritage Society-ի կողմէ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը։ Հարկ է նշել, թէ սա Նորվեկիոյ կարեւորագոյն հասարակական կազմակերպութիւններէն մին է։ The Oslo Heritage Society-ի բազմանդամ պատուիրակութիւնը Իսթանպուլի կեցութեան օրերուն այցելեց նաեւ Մեծ կղզի, ուր տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ որբանոցի համալիրին եւ բազմակողմանի տեղեկութիւններ քաղեց ծրագրուած աշխատանքներուն շուրջ։ The Oslo Heritage Society-ի նախագահ Օլէ Ռիքարտ Հոյզաէթէր Լաքի Վինկասի հետ տեսակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ իր գլխաւորած կազմակերպութիւնը կը խրախուսէ այս պատմական շինութեան վերանորոգութիւնը։ Հիւրերը հիացումով ականատես եղան երբեմնի որբանոցի աննկարագրելի դիրքին եւ ճարտարապետական առանձնայատկութիւններուն։
The Oslo Heritage Society-ն մաս կը կազմէ «Europa Nostra» խմբաւորման, որ իր հովանոցին տակ կը միաւորէ 1811 հասարակական կազմակերպութիւն։