ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) վեր­ջերս Լոն­տո­նի մէջ կազ­մա­կեր­պեց նուի­րա­հա­ւաք մը՝ որ­պէս հրա­տապ մար­դա­սի­րա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւն սու­րիա­հա­յե­րուն հա­մար։ Լոն­տո­նի մէջ այս առ­թիւ սար­քուած ճաշ­կե­րոյ­թի ար­դիւն­քին հան­գա­նա­կուե­ցաւ 325 հա­զար ա­մե­րի­կեան տո­լար։

Ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին սե­ղա­նը օրհ­նեց Անգ­լիոյ Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յո­վա­կիմ Եպսկ. Մա­նու­կեան։ Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Լորտ Ա­րա Տար­զի, ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան, Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Սէմ Սի­մո­նեան, Նու­պար Ա­ֆէեան, Ռու­բէն Վար­դա­նեան եւ սփիւռ­քա­հայ շրջա­նակ­նե­րէն բա­զում ծա­նօթ դէմ­քեր։

«Լենտ­մարք» պան­դո­կին մէջ սար­քուած ճաշ­կե­րոյ­թին ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րէն Ճո­զըֆ Ու­ղուր­լեան եւ Վազ­գէն Եա­գու­պեան։

Լորտ Ա­րա Տար­զի, որ ծնած է Պաղ­տա­տի մէջ եւ Անգ­լիոյ Լոր­տե­րու պա­լա­տի ա­ռա­ջին հա­յազ­գի ան­դամն է, հան­դէս ե­կաւ խօս­քով մը։ Ըստ ի­րեն, հա­յու­թիւ­նը գի­տէ, թէ կեան­քը ինչ­պէս կ՚ըն­թա­նայ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի, Եւ­րո­պա­յի, Գա­նա­տա­յի, Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու կամ Լա­տի­նա­կան Ա­մե­րի­կա­յի պա­րա­գա­յին ու կը յա­ջո­ղի պահ­պա­նել քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէք­նե­րը։

Ճաշ­կե­րոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր Սպա­նիոյ մէջ հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցող «Թե­լե­ֆո­նի­քա» ըն­կե­րու­թեան նա­խա­գահ Սե­զար Ա­լիէր­թա։ Այս վեր­ջի­նը ընդգ­ծեց, թէ կլո­պալ ճգնա­ժա­մա­յին ի­րա­վի­ճակ­նե­րուն մէջ պէտք է գտնել ա­րագ ար­ձա­գանգ­ման մի­ջոց­ներ։

Իր կար­գին, Պերճ Սեդ­րա­կեանն ալ կանգ ա­ռաւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ հա­յոց պատ­մա­կան ան­ցեա­լին վրայ։ «Դժուար ժա­մա­նակ­ներ են, սա­կայն պի­տի յաղ­թա­հա­րենք։ Ես լա­ւա­տես եմ։ Մեր տես­լա­կանն է ՝ ըն­դու­նիլ բազ­մա­թիւ մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Շնոր­հա­կալ ենք աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան՝ մե­զի վստա­հե­լու հա­մար։ Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր հիմ­նա­դիր­նե­րուն գոր­ծը ու օգ­նու­թեան պի­տի հաս­նինք կա­րի­քա­ւոր իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար», ը­սաւ Պերճ Սեդ­րա­կեան։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 26, 2016