ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Երեւանի մօտ Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Փիթըր Թէշ, որու նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ, երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս առթիւ Սերժ Սարգսեան դեսպանը շնորհաւորեց նոր ստանձնած առաքելութեան կապակցութեամբ եւ յոյս յայտնեց, թէ ան դիւանագիտական իր գործունէութեամբ ջանք պիտի չխնայէ՝ որպէսզի Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ միջեւ զարգանան բարեկամական յարաբերութիւնները։
Զրոյցի տեւողութեան կողմերը կարեւորեցին բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը՝ յարաբերութիւններուն նոր որակ ու բովանդակութիւն հաղորդելու տեսանկիւնէն։ Կարեւորուեցան նաեւ զանազան մակարդակներու վրայ կարեւոր շփումները, ներառեալ միջխորհրդարանական ձեւաչափը, ինչպէս նաեւ միջազգային կամ տարածքաշրջանային կազմակերպութիւններու շրջանակներէն ներս արդիւնաւէտ ու սերտ համագործակցութիւնը։
Փիթըր Թէշ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Աւստրալիոյ մեծաթիւ հայ համայնքին մասին եւ ընդգծեց, թէ իր երկրէն ներս հայերը լաւագոյնս համարկած են հասարակական-քաղաքական կեանքին, կը նպաստեն զանազան բնագաւառներու մէջ զարգացման ու միեւնոյն ժամանակ նոյնպէս կը նպաստեն հայ-աւստրալական բարեկամութեան ամրապնդման։