ՍՊԱՍՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆ
Գերմանիոյ խորհրդարանը Յունիսի 2-ին պիտի քննարկէ հայկական բանաձեւ մը, որու հիման վրայ հաւանական է, որ 1915-ի դէպքերը այդ երկրին կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուին որպէս ցեղասպանութիւն։ Ներկայիս երբ այս առումով սպասման ժամանակաշրջան մըն է, Յունիսի 2-ի քննարկման ընդառաջ Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Էտէլկարտ Պուլման։ Բացի Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս հիւրընկալուելէ, Պունտեստակի փոխ-նախագահը Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն, Նալպանտեանի հետ զրուցելու ընթացքին Պուլման յայտնեց, որ Պունտեստակ պէտք է գնահատական տայ Հայոց ցեղասպանութեան մէջ գերմանական կայսրութեան դերին համար։ Նախագահ Սարգսեանի հետ զրուցելու ժամանակ ալ ան ըսաւ, թէ Պունտեստակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ցոյց պիտի տայ Գերմանիոյ կարողութիւնը՝ անցեալի որոշ էջերուն շիտակ նայելու ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչներէն Պետօ Տեմիրճեան ըսաւ, թէ Գերմանիայէն ազդանշաններ կը տրուին հայկական բանաձեւի ընդունման ուղղութեամբ։