185-ԱՄԵԱԿ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Համբարձման տօնը եւս, ըստ ընկալեալ սովորութեան, մեր համայնքէն ներս տօնական ուրախութիւնը բնորոշուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձով։ Ազգային հիւանդանոցի մատրան մէջ երէկ առաւօտ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, իսկ երեկոյեան Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց Անդաստան։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ հիւանդանոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ Համբարձման աւանդական սեղանը։ Աշխարհիկ հանդիսութեան ընթացքին ալ տրամադրութիւնը բարձր էր։ Բացի բազմաթիւ հոգեւոր հայրերէ, հաւաքոյթին մասնակցեցան ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքայի վերահսկողութեան ներքեւ նախապատրաստական անթերի աշխատանքներ կատարուած էին եւ անոնց շնորհիւ Համբարձման սեղանի ոգեւորութիւնը հասաւ գագաթնակէտին։ Ներկաներու կարգին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան եւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան։
Երաժշտական յայտագրի գործադրութեամբ ներկաները հաճելի զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։ Սիլվա Թրիքայի ողջոյնի խօսքով սկսաւ օրուան ծրագրին գործադրութիւնը։ Հոգաբարձութեան կողմէ յուշանուէրներ պատրաստուած էին մեր համայնքի երախտաշատ ճարտարապետներէն Նշան Եաղուպեանի եւ հիւանդանոցի բազմամեայ դեղագործ Մաքրուհի Չիլինկիրօղլուի համար։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինը յառաջիկայ շրջանին իր փորձառութիւնը հաստատութեան պիտի ծառայեցնէ՝ փոխ-բժշկապետի կարգավիճակով։
Համբարձման սեղանին ընթացքին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընթերցեց Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ ուղարկուած պատգամը, ինչ որ ընկալուեցաւ յոտնկայս ծափահարութիւններով։ Բաց աստի, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հաւաքոյթի ընթացքին ունեցաւ ելոյթ մը, որու ժամանակ անդրադարձաւ Համբարձման տօնի իմաստին։ Ան ըսաւ, որ Համբարձումը Տէր Յիսուսի երկինք բարձրանալու տօնն է ու մաղթեց, թէ այդ նմանութեամբ մեր համայնքն ալ միասնականութեան մէջ բարձրանայ, ունենայ վերելք։ Նորին Սրբազնութիւնը յայտնեց, թէ պատրիարքական ընտրութեան թնճուկը յաղթահարուած է շնորհիւ Պետրոս Շիրինօղլուի ջանքերուն։ Ան աշխատած է փականագործի մը ճարտարութեամբ եւ ապահոված է՝ որպէսզի պետութեան ակնկալութիւնները բաւարարուին եւ մեր համայնքին առջեւ ուրուագծուի պատրիարքական ընտրութեան հորիզոնը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդգծեց, որ յառաջիկայ շրջանին մեր համայնքը պիտի ձեռնարկէ պատրիարքական ընտրութեան, ուստի այս իրավիճակին մէջ այլեւս պէտք չէ ըլլան դառնութիւններ եւ բոլորը պէտք է գիրկընդխառնուին քրիստոնէական ոգիով։
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ Համբարձման սեղանին ընթացքին հանդէս եկաւ ծաւալուն ելոյթով մը։ Ան ամփոփ անդրադարձաւ պատրիարքական ընտրութեան խնդրին եւ իր խորին երախտագիտութիւնները յայտնեց պատկան իշխանութիւններուն նկատմամբ՝ պետութեան կողմէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքի ճանաչման համար վառուած կանաչ լոյսին բերումով։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մասին եւ աւելցուց, որ որպէս ընդհանուր փոխանորդ՝ իր բերած ծառայութիւններով անոր ալ արդար իրաւունքն է երախտագիտութեան զգացումներու առարկայ դառնալը։ Ելոյթին տեւողութեան Պետրոս Շիրինօղլու անդրադարձաւ Ազգային հիւանդանոցի պիւտճէին ու ելմտական կացութեան, մեր համայնքի կարիքաւոր անդամներու դարմանման նպատակով ներդրուած հսկայական միջոցներուն եւ շեշտեց, որ նման հարցերու շուրջ թէեւ կը հնչեն որոշ քննադատութիւններ, սակայն իրենց տուեալները կու գան ապացուցանել, որ հոգաբարձութիւնը որեւէ զոհողութենէ չի խուսափիր այս առումով։ Պետրոս Շիրինօղլու մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ նաեւ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ ձեռնարկուած շինարարութիւններու ընթացքին շուրջ։ Այդ շինարարութիւնները յառաջ կը տարուին քաղաքիս զանազան շրջաններէն ներս։ Շիրինօղլու համոզուած է, որ անոնք հիւանդանոցի ապագային տեսակէտէ կը ներկայացնեն լուրջ կարեւորութիւն՝ որպէսզի հաստատութիւնը յառաջիկային ալ ունենայ կայուն ու մշտական հասոյթի աղբիւրներ։
Բաց աստի, Շիրինօղլու խօսեցաւ հիւանդանոցի համալիրէն ներս նախատեսուած կամ ձեռնարկուած բարեկարգման, շինարարական աշխատանքներուն շուրջ։ Այսպէս, հաստատութիւնը պիտի օժտուի երկու նոր բաժանմունքներով, որոնք հնարաւորութիւն պիտի ստեղծեն՝ որպէսզի բժշկական ծառայութիւնները աւելի ընդարձակ ու կատարելագործուած պայմաններով տեւականացուին։
Ելոյթին տեւողութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու դրուատիքով արտայայտուեցաւ հոգաբարձութեան անդամ իր գործակից ընկերներուն մասին։ Խմբային աշխատանքի արդիւնքով է, որ հաստատութեան վերելքը դարձած է յարատեւ։ Շիրինօղլուի խօսքերով, միեւնոյն ժամանակ, իրենց մաղթանքն ու սպասումն է՝ որ հոգաբարձութեան կազմը համալրուի նաեւ երիտասարդ համայնքային վարիչներով։ Այսպէսով հեզասահ ընթացք մը պիտի ունենայ հաստատութեան ղեկավարութիւնը։
Համբարձման սեղանի աւարտին բոլոր ներկաները հերթական անգամ ընդգծեցին, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը դարձած է մեր համայնքի հպարտութեան աղբիւրը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին, հոգաբարձութեան բոլոր անդամներուն եւ իրենց գործակիցներուն։