ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ժիրայր Քըլըչտաղը կը տեղեկացնէ.-

«Պողազիչի» գեղարուեստից հաւաքականութեան հրատարակչութիւնը յառաջիկայ օրերուն լոյս պիտի ընծայէ նոր գիրք մը, որ կը կոչուի՝ «Շահինեանները՝ Օսմանեան եւ Թուրքիոյ թատրոնին մէջ»։ Այս գիրքի հեղինակն է ծանօթ անուն մը՝ Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլ, որ իր պրպտումներուն մէջ միշտ կը յայտնաբերէ հայոց տեսակէտէ շատ հետաքրքրական տուեալներ։

Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի կողմէ հրատարակուած այս գիրքին համար շնորհանդէս մը տեղի ունեցաւ «Պողազիչի» համալսարանին մէջ։ Աշխատաժողովի մը ձեւաչափով նախատեսուած էր հաւաքոյթը, որ հայկական թատրոնի պատմութեան եւ ընդհանրապէս հայկական թատերական կեանքին տեսակէտէ կարեւոր բացայայտումներու առիթ հանդիսացաւ։ Հարկ է նշել, որ իրականութեան մէջ վաղ գինեձօն մըն էր այս մէկը, որովհետեւ հրատարակչատունը կը նախատեսէ գիրքը ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դնել յաջորդ ամիս։ Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի կողմէ կատարուած երկար տարիներու պրպտումներու պտուղն է այս գործը։

Նեսիմ Օվատիա մասնակիցներուն պատմեց, որ Շահինեան գերդաստանէն՝ Յովհաննէս Շահինեան, 1850-ական թուականներուն Օրթագիւղի իր բնակարանի լայն սրահին մէջ սարքած էր թատերական ներկայացում մը, որուն որպէս դերակատարներ մասնակցած էին Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան եւ իր ուսանողները։ Վառօդապետ Յովհաննէս աղա Շահինեանի որդին՝ Վահան Շահինեան թատրոնի կեանքէն ներս՝ հասած էր Մարտիրոս Մնակեանի մականին տակ։ Այդ թուականէն վերջ, Վահան Շահինեան  կեանքի ողջ տեւողութեան, բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւելով, անդամակցած էր Մնակեանի խումբին եւ Օսմանեան թատրոնին մէջ անմրցելի խումբ մը կազմած էր։

1915-ին, Վահան Շահինեան, իր ընտանիքին հետ մեկնած էր Սօֆիա, Պուլկարիա։ Այնտեղ Մնակեան անունով թատերախումբ մը կազմած էր, այդ թատերախումբին մէջ դերեր վերապահելով նաեւ իր չորս զաւակներուն։

Օվատիա համալսարանին մէջ պատմեց, որ թրքական թատրոնի հիմնարկութեան շրջանին, հայ արական սերունդի դերասանները դուրս թողուած էին։ Միւս կողմէ սակայն, մահմետական կանանց արգիլուած էր հանդէս գալ բեմի վրայ։ Միայն մէկ  քանի հայ կիներ կրցած էին մաս կազմել պետական թատերախումբին։

Յետագայ տարիներուն նոյն գերդաստանէն Օգսէն Շահինեանն ալ իր ընտանիքին հետ մեկնած էր Թուրքիայէն, հաստատուելով Իսկենտերուն, որ այդ շրջանին կը գտնուէր Ֆրանսայի տիրապետութեան տակ։ Ան 1945 թուականին վերադարձած էր Իսթանպուլ՝ հիմնելով Մնակեան թատրոնը, որ քաղաքի զանազան թաղերուն մէջ հանդէս եկած էր ներկայացումներով։

Օվատիա անդրադառնալով հայ դերասաններու եւ այս կարգին նաեւ Շահինեաններու անուրանալի նպաստին՝ թուրք թատրոնին համար, ընդարձակ տեղեկութիւններ տուաւ հայ ժողովուրդի թատերական կեանքի սկիզբին եւ զարգացման մէջ ունեցած ներդրումին շուրջ։

Այս գիրքը, հայկական թատրոնի առընչութեամբ բովանդակած իր լայն տեղեկութիւններով՝ կը համարուի աննախընթաց աշխատանք մը։ 

Շաբաթ, Մայիս 26, 2018