ԱՆՇՐՋԵԼԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան հերթական նիստը։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախագահութեամբ գումարուեցաւ ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան։ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական աւագանիներէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ հիմնադրամի աշխարհատարած մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչներ համախմբուեցան ժողովի առթիւ։ Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան ներկայացուց տարեկան հաշուետուութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ ըսաւ. «Ազատ եւ երջանիկ Հայաստան կառուցելու գործընթացը անշրջելի է»։ Հայաստանի անկախութեան շրջանի սկիզբէն ի վեր հիմնադրամի ծաւալած գործունէութեան շուրջ Նիկոլ Փաշինեան դիտարկումները բաժնեց Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներուն հետ։ Ան ըսաւ. «Մեր երկրի մեծագոյն քաղաքական խնդիրը եղած է քաղաքացիներու կողմէ իշխանութիւն ձեւաւորելու իրաւունքի անձեռնմխելիութիւնը, որովհետեւ կը կարծեմ, թէ մեր երկրին մէջ խնդիրները սկսան խորանալ այն ժամանակներէն, երբ հանրութիւնը լայնօրէն սկսաւ չվստահիլ ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ ամէն անգամ ընտրութիւններու արդիւնքներով ինքզինք խաբուած զգաց։ Հետեւաբար, մեր խնդիրն է, որ ասկէ վերջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած բոլոր ընտրութիւններու արդիւնքներով ինքզինք յաղթանակած զգայ ոչ այնքան այս կամ այն քաղաքական ուժը, այլ ընտրութիւններու որեւէ արդիւնքի պարագային ինքզինք առաջին հերթին յաղթանակած զգայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին։ Եւ կ՚ուզեմ ընդգծել, որ մեր կառավարութեան համար յաջորդ կարեւոր առաջնահերթութիւնը պայքարն է փտածութեան դէմ, սկսեալ ընտրական կաշառքէ, մինչեւ պետական կառավարման, դատական կաշառքը»։

Համահայկական հիմնադրամի ժողովին ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան մատնանշեց նաեւ հետեւեալը. «Մենք համոզուած ենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հայ ժողովուրդի կողմէ ստեղծուած է հետեւեալ նպատակով։ Այդ նպատակն է՝ հայութեան մարդկային, ելմտական, մտաւոր, գիտական, տնտեսական, հոգեւոր ներուժը կամ անոր զգալի մասը սեփական տարածքէն ներս կեդրոնացնելը եւ այդ ներուժի անվտանգութիւնն ու բնականոն զարգացումը ապահովելը։ Մենք այս իսկ հայեցակարգին վրայ կը տեսնենք Հայաստանի Հանրապետութեան յետագայ զարգացումը եւ այս հայեցակարգին հիմքն է, որ մեզի պէտք է առաջնորդէ դէպի ազատ ու երջանիկ Հայաստան։ Կը կարծեմ, որ այս գործընթացի միջնաժամկէտ արդիւնքը պէտք է ըլլայ հետեւեալը. Հայ ժողովուրդի արտագաղթի հազարամեայ անիւը ի վերջոյ պէտք է կանգ առնէ եւ ետ պտտուի, ու հայութիւնը ի վերջոյ պէտք է սկսի մեծ գործընթացի մը՝ ապահովելու Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կեդրոնանալու, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւնը որպէս կառոյց ունենալու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն ու բնականոն զարգացումը։ Այսինքն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է ապահովէ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու բնականոն զարգացումը, հայ ժողովուրդը պէտք է ապահովէ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը եւ բնականոն զարգացումը։ Եւ ուրեմն, մենք կը շարժինք այս ճանապարհով, մենք կը շարժինք դէպի ազատ ու երջանիկ Հայաստան եւ մենք համոզուած ենք, թէ արդէն իսկ կարեւոր անկիւնաքարեր դրած ենք այդ շինութեան կառուցման ճանապարհին։ Մենք համոզուած ենք, թէ այս գործընթացը անշրջելի է եւ այս նպատակի ճանապարհին հայ ժողովուրդը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին յաղթած է։ Այդ յաղթանակը անշրջելի է եւ պիտի դառնայ շարունակական։  

Շաբաթ, Մայիս 26, 2018