ԱՐԴԷՆ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԱԹ

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները խախտած Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ Գեղարքունիքի մարզի մէջ, Վերին Շորժայի հատուածէն ներս նահատակեցին հայ զինուոր մը։ Այսպէս, կրտսեր սերժանթ Գէորգ Խուրշուդեան զոհ գնաց սահմանը խախտած Ատրպէյճանի զօրքերու կրակահերթին։

Երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Վերին Շորժայի մէջ, ժամը շուրջ 14.20-ին հրացաններու օգտագործումով դէպք պատահած է։ Ատրպէյճանի զինուորները կրակ բացած են հայ դիրքապահներու վրայ։ Անոնք արդէն 15 օրէ ի վեր Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերէն Հայաստանի սահմանները խախտած էին։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Երեւան պաշտօնապէս դիմած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)։

Այս դէպքին կապակցութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը՝ խստօրէն դատապարտելով պատահածը։ «ՄԱԿ-ի անդամ պետութեան՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ կատարուած բացայայտ զինեալ ոտնձգութիւնը միջազգային իրաւունքի չափանիշներու խախտում է։ Հակառակ միջազգային հանրութեան կոչերուն, Ատրպէյճան կը հրաժարի դուրս բերել իր զինեալ ուժերը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն՝ ա՛լ աւելի սրելով իրադրութիւնը եւ խաթարելով տարածքաշրջանային անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը։ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ներս ռազմական գործողութիւններու իրականացումը Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւունք կու տայ՝ ձեռնարկելու անհրաժեշտ եւ համարժէք քայլեր՝ իր ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու, բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Արա Այվազեան օր մը առաջ ալ տեսակցած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու Երեւանի դեսպաններուն հետ։ Այվազեան ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու դեսպաններու նկատառման յանձնեց, որ եթէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները անարձագանգ մնան, ապա իրավիճակը ապագային պիտի սրուի։ Իր կարգին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ տեղեկացուց, որ Երեւան ՀԱՊԿ-ի նկատառման յանձնած է, որ իրավիճակը կրնայ վերահսկողութենէ դուրս գալ, ուստի խնդիրը պէտք է արագ լուծուի։ Ըստ իրեն, Հայաստան-Ատրպէյճան առկայ բոլոր խնդիրները փոխկապակցուած են եւ հնարաւոր չէ անոնցմէ իւրաքանչիւրի առանձին քննարկումը։

ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէն ալ վերջին օրերուն յայտարարութիւններ կը հնչեն այս կապակցութեամբ։ Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը երէկ յայտնեց, որ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարը կ՚ամրապնդուի Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութիւնով եւ շարունակուող բանակցային գործընթացով։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութիւնը կը պահանջէ անյապաղ միջոցառումներ, առաջին հերթին՝ քաղաքական-դիւանագիտական բնոյթով։ Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Զասսն ալ օր մը առաջ յայտնած էր, որ այս հարցի խաղաղ լուծման ուղղեալ քայլեր կ՚որոնուին։

Իր կարգին, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանն ալ երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի հետ։ Զրուցակիցները մանրամասն քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրադրութիւնը, Պաքուի սադրանքները եւ հայկական կողմի ձեռնարկած գործողութիւնները։ Վաղարշակ Յարութիւնեան նշեց, որ բացարձակապէս անթոյլատրելի է Հայաստանի տարածքին դէմ որեւէ ոտնձգութիւն եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պարտաւոր են առանց նախապայմանի վերադառնալ իրենց ելման դիրքերը։ Յարութիւնեան եւ Մուրատով քննարկեցին նաեւ իրադրութեան հանգուցալուծման հաւանական տարբերակները։ Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Վաղարշակ Յարութիւնեան վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ։

Միւս կողմէ, միջազգային յառաջատար դերակատարներէն Չինաստանն ալ կոչ ուղղած էր առկայ հակասութիւնները լուծել երկխօսութեամբ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 26, 2021