ԷՐՏՈՂԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կոչ ուղղեց համայն աշխարհին, որպէսզի իսլամատեացութեան դէմ շարժում մը սկսի։ Նախագահ Էրտողան մատնանշեց, որ իսլամատեացութիւնը թափով կը ծաւալի երկրագունդի վրայ։ «Աշխարհի բոլոր կողմերու խղճի տէր քաղաքական գործիչները, մտաւորականները, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները եւ կրօնաւորները պէտք է շարժման անցնին իսլամատեացութեան հիւանդութեան դէմ», ըսաւ Էրտողան։

Երէկ, Էրտողան մասնակցութիւն բերաւ «Միջազգային մետիա եւ իսլամատեացութիւն» խորագրեալ խորհրդաժողովին, որու ընթացքին շեշտեց, որ իսլամատեացութիւնը ուղղակիօրէն կը նշանակէ իսլամի դէմ թշնամութիւն։ 11 սեպտեմբերի յարձակումներէն վերջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը ձեռնարկած է մահմետականները սատանայացնելու ուղղեալ ռազմավարութեան մը գործադրութեան։ Սա եկած է հրահրել իսլամատեացութիւնը, որ բազմաթիւ հաւաքականութիւններու մշակոյթին մէջ արդէն իսկ գոյութիւն ունէր։ Այսօր, Եւրոպայի մէջ, Ֆրանսայի գլխաւորութեամբ, զանազան երկիրներ խտացեալ ջանքեր կը գործադրեն՝ իսլամը ըստ իրենց քմահաճոյքին ձեւաւորելու համար։ Ըստ Էրտողանի, արեւմտեան երկիրներու բնակչութիւնը կը նուազի, անոնք ժողովրդագրական վտանգներու դէմ յանդիման կը գտնուին, համաշխարհային ուժային հաւասարակշռութիւններու փոփոխութեան պատճառով յառաջացած անորոշութիւնները սեփական հանրային կարծիքին կը մատուցեն ֆաշիստ խօսոյթով։ «Մահմետականներու վերաբերեալ ամէն տեսակ խորհրդանշանը արգիլելու համար արշաւի մէջ մտած են», ըսաւ Էրտողան։

Ելոյթին մէջ Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ դարերու ընթացքին Եւրոպայի մէջ տիրած է թուրքերէ վախ մը։ Ան յաջողած է թաքցնել այն խնդիրները, որոնք ծագած են իր քաղաքական տակնուվրայութեան բերումով։ Աշխարհի իրադարձութիւնները այնպիսի ընթացք մը ունին, որ Եւրոպայի մտահոգութիւնները պիտի աւելնան՝ իր տնտեսական հարստութեան պահպանման եւ անվտանգութեան առումով։ «Սա ալ կը նշանակէ, որ իսլամի դէմ թշնամութիւնը պիտի շարունակուի», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ 7.5 միլիառէ աւելի մարդկութեան իւրաքանչիւր անդամին պէտք է բացատրել, որ ոչ թէ իսլամը, այլեւ իսլամի դէմ թշնամութիւնը համաշխարհային սպառնալիք մըն է։ «Անշուշտ, գիտենք, որ սա դիւրին ճանապարհ մը չէ», աւելցուց Էրտողան եւ դիտել տուաւ, որ նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ առկայ են այս հիւանդութեան զանազան դրսեւորումները։ Տարիներէ ի վեր շարունակուող աշխարհավարութեան վերաբերեալ վէճերու ետին կանգնած են ո՛չ թէ կրօնական ազատութիւններու պահպանութիւնը, այլ՝ առաջին հերթին անոնց արգիլման մտադրութիւնը։ Էզանի, մզկիթի եւ գլխաշորի դէմ անհանդուրժողականութեան երեւոյթներուն անդրադառնալով՝ Էրտողան նշեց, որ պետութիւնն ու քաղաքացին դէմ յանդիման կը բերեն այսպիսի մտայնութիւնները, որոնք, միեւնոյն ժամանակ, պետական հարուածներու ամենամեծ պատճառներու շարքին կը համարուին։

Ելոյթի տեւողութեան, Էրտողան ընդգծեց, որ այս պայքարին մէջ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ պէտք է դարձուի մետիան։ Արդարեւ, Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի դէմ կատարուած սպանդները մէկ կողմէ կը թաքցուին, իսկ միւս կողմէ որպէս ահաբեկիչ կը պիտակաւորուին մարդիկ, որոնք իրենց ապրելակերպը կը պահպանեն։ Այս բոլորի լոյսին տակ, նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է միջազգային ամուր հաղորդակցութեան ցանց մը ստեղծել։

Չորեքշաբթի, Մայիս 26, 2021