ԻՆՉՊԷ՞Ս ԶԱՆԱԶԱՆԵԼ ԿԵՂԾԸ

Չինաստանի մէջ բացուած է դպրոց մը, ուր կը սորվեցնեն աշխարհահռչակ նորաձեւութեան տան մը ապրանքը ինչպէս զանազանել հմտօրէն կեղծուածէն։ Այսպէս, թանկարժէք ապրանքներու կեղծ տարբերակները լայն տարածում գտած են աշխարհի վրայ, ուստի, չինացի մեծահարուստներ սկսած են հազարաւոր տոլարներ վճարել մասնակցելու համար մասնագիտացուած դասընթացներու, որոնք կը սորվեցնեն, թէ ինչպէս կարելի է զանազանել աշխարհահռչակ վաճառանիշի մը իսկական ապրանքը կեղծէն:

Ըստ «odditycentral.com»ի, ներկայիս Չինաստանի մայրաքաղաքը՝ Փեքինի մէջ կը գործէ «The Extraordinary Luxuries Business School»ը, ուր եօթ օրուայ դասընթացը կ՚արժէ մօտաւորապէս 2400 ամերիկեան տոլար: Դասընթացի մասնակիցները դպրոցը աւարտելէ ետք կրնան զանազանել իրական ապրանքը հմտօրէն կեղծուածէն:

Դպրոցի հիմնադիր Չժան Չէնի խօսքով՝ իրենք ուսանողներուն կը սորվեցնեն հռչակաւոր ապրանքանիշերու արտադրանքները ստուգելու քիչ յայտնի եղանակներ: Նման եղանակներէն մէկը այն է, որ, օրինակ՝ «Chanel» նորաձեւութեան տան ապրանքներու հետ տրուող «ID» քարտի նիշերը պէտք է լուսաւորուին անդրմանիշակագոյն լոյսի ներքոյ, կամ նոյն ապրանքանիշի տարբերանշանի տառերը գրուած են ուղղանկիւն, այլ ոչ թէ քառակուսի տառատեսակով:

Չէն այն կարծիքին է, որ իր դասընթացներու համար պահանջուող գինը արդարացուած է: Անոր յաճախորդները հիմնականին հարուստներ են՝ նորաձեւութեան ամսագրի խմբագիրներէն մինչեւ նախկին կեղծարարներ, որոնք կը ձգտին զարգացնել իրենց հմտութիւնները:

Մինչ այդ, Չէնի դպրոցը իր տեսակին մէջ եզակի չէ: Տակաւին 2018 թուականին Չինաստանի մէջ բացուած էր «Luxury Appraisal Center»ը, որ եւս կ՚առաջարկէ նմանատեսակ ծառայութիւններ:

Միւս կողմէ, Չինաստանի «Շքեղութիւններու ներքին շուկան» ներկայիս կը գնահատուի մօտաւորապէս 617.7 միլիառ ամերիկեան տոլարով, որու մէջ չի մտներ արդէն իսկ օգտագործուած կամ «երկրորդ ձեռքի» ապրանքներու առեւտուրը: Չինաստանի մէջ մեծ տարածում ունին իրական ապրանքի անուան տակ կեղծ իրերու վաճառքը, որու կրթութեան համար ալ երկրի մէջ կը գործեն վերոյիշեալ «ուսումնական» հաստատութիւնները:

Չորեքշաբթի, Մայիս 26, 2021