Ի ՎԵՐՋՈՅ ԺԱՄԱԴՐՈՒԵՑԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ միջոցէ մը ի վեր սպասուած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ժընեւի մէջ, յունիսի 16-ին։ Այսպէսով Պայտըն Սպիտակ տան ղեկը ստանձնելէ վերջ առաջին անգամ պիտի մէկտեղուի Քրեմլինի երկարամեայ տանտիրոջ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ։

Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ վերջին շրջաններուն դիւանագիտական երթեւեկը թափ ստացած էր՝ բարձր մակարդակի վրայ։ Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդականները վերջերս ունեցած էին հանդիպումներ, որոնց ի շարունակութիւն արդէն յստակացած են Պայտըն-Փութին ժամադրութեան մանրամասնութիւնները։

ԱՄՆ-Ռուսաստան յարաբերութիւնները ներկայիս բաւական լարուած են եւ երկու գերտէրութիւնները կը ձգտին նոր երկխօսութեան մը միջոցաւ հարթել իրենց յարաբերութիւնները։

ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի օրեր առաջ Ռէյքաւիքի մէջ տեղի ունեցած տեսակցութեան ժամանակ անդրադարձ կատարուած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին՝ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 26, 2021