Ի ՏԷՐ ՀԱՆԳԱՒ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ-ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Պէյրութի մէջ ի Տէր հանգած է Կաթողիկէ Հայոց Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. (Կապրոյեան) Կաթողիկոս-Պատրիարքը։ 87 տարեկան հասակին, երէկ օրուայ առաջին կէսին, երկար ամիսներու հիւանդութիւն մը դիմագրաւելէ վերջ իր հոգին աւանդած է Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որ պիտի յուղարկաւորուի այս շաբաթավերջին։ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը նախատեսուած է շաբաթ, 29 մայիսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ժամը՝ 10.30-ին։ Իր մարմինը պիտի ամփոփուի Զմմառի Պատրիարքական կղերի միաբանութեան կաթողիկոս-պատրիարքներու դամբարանին մէջ։ Յուղարկաւորութենէն օր մը առաջ ալ՝ 28 մայիս, ուրբաթ, ժամը 18.00-ին, հանգստեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Կոյսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ։ 

Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժանմունքը երէկ նորոգ հանգուցեալ Կաթողիկոս-Պատրիարքի մանրամասն կենսագրութիւնը հրապարակեց։ Ան Հալէպի մէջ ծնած էր 15 նոյեմբեր 1934 թուականին։ 12 զաւակներով ընտանիքի մը 10-րդն էր։ Ծնողքը Մարտինէն ապաստանած էր Հալէպ եւ ընտանեօք 1938-ին վերջնականապէս հաստատուած էին Լիբանան։

Նախնական ուսումը ստացած էր Ֆուռն-Շուպպաքի ֆրերներու «Նոթրը-Տամ» դպրոցին մէջ։ Մուտք գործած էր Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան փոքր ընծայարանը, ապա Ճունի, ուր յաճախած էր Մարիստ ֆրերներու վարժարանը։ Պաքալորէան առնելէ վերջ՝ ուսումը շարունակելու համար մեկնած էր Հռոմ, ուր աւարտած էր Լեւոնեան քահանայապետական հայկական վարժարանը, որմէ վերջ ալ՝ Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանը՝ մասնագիտանալով փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան վրայ։

Լիբանան վերադառնալով ձեռնադրուած էր Զմմառու միաբանութեան կուսակրօն վարդապետ 28 մարտ 1959-ին, ձեռամբ հոգելոյս Կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին։ Ճունիի մէջ տարի մը պաշտօնավարած էր որպէս փոքր ընծայարանի փոխ-տեսուչ։ Աւելի վերջ նշանակուած էր Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան հայ վարժարանի տնօրէն եւ ինն տարի մնացած էր այդ պաշտօնին գլուխը։ 1969-ին ընտրուած էր Զմմառի պատրիարքական կղերի միաբանութեան ընդհանուր մատակարար։ 3 յունուար 1977-ին, Պօղոս Զ. Պապը զինքը նշանակած էր Ամիտայի (Տիարպեքիր) տիտղոսաւոր եպիսկոպոս հայոց եւ Առաքելական էկզարք՝ ֆրանսաբնակ հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն։ 13 փետրուար 1977-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ եպիսկոպոս օծուած էր։

20 յունիս 1986-ին, երբ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. Պապը ստեղծած էր Փարիզի Ս. Խաչ հայ կաթողիկէ թեմը, Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներուն համար զինքն ալ նշանակած էր տեղւոյն առաջին եպիսկոպոսը։  15 հոկտեմբեր 1988-ին նշանակուած էր առաքելական այցելու Արեւմտեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներուն համար, որոնք զուրկ են տեղական առաջնորդէ։ 1997-ին աւարտած էր «Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ» արեւմտահայերէն թարգմանութիւնը։ 2005-ին եւ 2009-ին կազմակերպած էր Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ձօնուած երկու գիտաժողովներ Հռոմի եւ Լիբանանի մէջ։ Վերահսկած էր նաեւ զեկուցումներու հրատարակութիւնը։ 1997-էն մինչեւ 2014 եղած էր Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի ընդհանուր մատակարարը։

7 ապրիլ 2013-ին, 36 տարի շարունակ որպէս առաջնորդ ծառայելէ վերջ, Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ թեմի վաստակաւոր եպիսկոպոսը դարձած էր, երբ իր յաջորդը՝ Յովհաննէս Եպսկ. Թէյրուզեան ձեռնարկած էր պաշտօնի։

25 յունիս 2015-ին, Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի վախճանումէն վերջ, ըստ Արեւելեան եկեղեցիներու կանոնագրին, որպէս մնայուն Սիւնհոդոսի կարգերէց եպիսկոպոս, դարձած էր Հայ  Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական կառավարիչը։ Ամիս մը վերջ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական հայրերը զինք ընտրած էին 20-րդ կաթողիկոս-պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց։ Ան առած էր Գրիգոր-Պետրոս Ի. անունը եւ 9 օգոստոս 2015-ին տեղի ունեցած էր իր գահակալութեան արարողութիւնը Զմմառու Տիրամօր վանքի շրջափակին մէջ։

Իր կորուստով Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կ՚եզրափակուի շրջան մը, որովհետեւ նորոգ հանգուցեալ կաթողիկոս-պատրիարքը եզակի, հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մըն էր՝ իր փորձառութեամբ եւ հմտութիւններով։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Չորեքշաբթի, Մայիս 26, 2021