ՆՈՒՐԲ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Ան այս առաւօտ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Առանձնազրոյցէ վերջ, երկու նախարարները գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան կը տեսակցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։

Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ Հայաստանի սահմաններու խախտումով յառաջացած նուրբ եւ բարդ իրավիճակին մէջ տեղի կ՚ունենայ Ճեւատ Զարիֆի այցելութիւնը։ Երեւան հասնելէ առաջ ան երէկ ալ Պաքուի մէջ ունեցաւ շփումներ՝ հիւրընկալուելով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Արցախի պատերազմէն վերջ տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակը, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճան-Իրան-Հայաստան առանցքով հաղորդակցութեան միջանցքներն ու երկաթուղային կապերը։

Արա Այվազեան այս առաւօտ Ճեւատ Զարիֆի հետ վարած բանակցութիւններու ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճան կը փորձէ ստեղծել աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններ, որոնք չեն համապատասխաներ կայունութեան հետամուտ երկիրներու շահերուն։

Ճեւատ Զարիֆի շփումներուն ընդառաջ դիւանագէտ-վերլուծաբան Վարդան Ոսկանեան յայտնեց, որ այցելութեան մեխը անվտանգութեան խնդիրները պիտի ըլլան, որովհետեւ Իրանի շահերէն չի բխիր Հայաստանի հետ իր սահմանին վտանգուիլը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 26, 2021