ԱԱԾ-Ի ԿՈՂՄԷ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի ներքին քաղաքական նոր կլիմային մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ կը շարունակուին գործողութիւններն ու բացայայտումները։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն ձերբակալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երեսփոխաններէն, Երկրապահ կամաւորներու միութեան (ԵԿՄ) նախագահ, նախկին զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան։ Այս վերջնոյն Հայաստանի մէջ պատկանող տարածքներէն ներս յայտնաբերուած էր լուրջ հարստութիւն՝ կուտակուած զեղծումներու եւ իւրացումներու հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մանուէլ Գրիգորեան ունի նաեւ տարածքներ Արցախի մէջ։ Այդ տարածքներէն ներս ալ վերջին օրերուն տեղի ունեցան խուզարկումներ։ Այդ հիման վրայ, Մանուէլ Գրիգորեանի Արցախի տարածքներէն ներս ալ յայտնաբերուեցան հարստութիւններ՝ կուտակուած ապօրինի ճանապարհով։ Մանուէլ Գրիգորեանի ձերբակալման պայմաններուն ներքեւ վերջին օրերուն արմատական հակազդեցութիւնով հանդէս եկած եւ ԵԿՄ-ի շրջանակներուն վրայ ներազդել փորձած էր իր կողակիցը՝ Նազիկ Ամիրեան։ Երէկ, Հայաստանի յատուկ Քննչական ծառայութիւնը որոշեց նաեւ ձերբակալել Նազիկ Ամիրեանը։

Բաց աստի, երէկ ԱԱԾ տարուեցաւ Հայաստանի Պետական պահպանութեան ծառայութեան պետի նախկին առաջին տեղակալ Վաչագան Ղազարեան։ Այս վերջինը եղած էր նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի թիկնապահներու խումբի յառաջատար անուններէն մին։ Յատուկ Քննչական ծառայութիւնը որոշեց Վաչագան Ղազարեանը ձերբակալել։ Զանազան լրատուամիջոցներ կը տեղեկացնեն, որ իրեն պատկանող կալուածներէն ներս յայտնաբերուած են լուրջ քանակութեամբ գումարներ։ ԱԱԾ-ի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ղազարեան կը մեղադրուի ապօրինի հարստացման մէջ։ Դրամատունէ մը դուրս գալու պահուն ձերբակալւած Վաչագան Ղազարեանի ձեռքի պայուսակին մէջ յայտնաբերուած է 120 հազար ամերիկեան տոլար եւ 436 միլիոն հայկական դրամ։ Այդ գումարները ան ստացած է իր անունով հաշիւէ մը։ Վաչագան Ղազարեան պաշտօնեաներուն յայտնած է, որ կանխիկ գումարը պիտի վերադարձնէր իսկական տիրոջ։ Բայց եւ այնպէս ան չփափաքեցաւ յայտնել, թէ ո՛վ էր այդ գումարի իսկական տէրը։ Խուզարկման ընթացքին Վաչագան Ղազարեան ներկայացուց առօրեայ ծախսերու համար գրպանին մէջ գտնուող 500 ամերիկեան տոլարն ու շուրջ 215 հազար հայկական դրամը։ Դրամատուն մեկնելու ժամանակ իր օգտագործած ինքնաշարժին մէջէն յայտնաբերուեցաւ 50 հազար ամերիկեան տոլար։

Այս բոլորին առընթեր, երէկ ուշագրաւ ուրիշ իրադարձութիւն մըն ալ պատահեցաւ Երեւանի մէջ։ Սայաթ Նովա պողոտայէն ոստիկանութիւն տարուեցաւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայրը՝ Ալեքսանտր Սարգսեան։ Ապօրինի զէնք կրելու կասկածով ոստիկանութեան տարուած Ալեքսանտր Սարգսեանի հետ կար նաեւ եւս երեք անձ։ Ոստիկանութեան աղբիւրները միջոց մը վերջ հաղորդեցին, որ Ալեքսանտր Սարգսեան ազատ արձակուած է։

Վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ազատ կ՚արձակուին նախկին իշխանութիւններու շրջանին ձերբակալուած, դատուած ու բանտարկուած զանազան գործիչներ։ Երէկ, ազատ արձակուեցաւ նախկին բարձրաստիճան զինուորական Վահան Շիրխանեան։ Կարճ ժամանակ առաջ ալ ազատ արձակուած էին Արցախի հերոս Սամուէլ Պապայեան, ազատամարտիկ Ժիրայր Սեֆիլեան եւ «Սասնայ ծռեր» խումբէն կարգ մը անդամներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018