ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Երէկ Երեւանի մէջ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ։ Նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն վերջ սա խորհուրդի առաջին նիստն է։ Փաշինեան ժողովականներու նկատառման յանձնեց, որ 9 ապրիլէն վերջ խորհուրդի գործառոյթները աւելի յստակացած են եւ պաշտպանութեան ոլորտի քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները կը սահմանուին անոր կողմէ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ժողովի տեւողութեան քննարկուեցան հայկական զինեալ ուժերու զարգացման ծրագրի եւ սպառազինութեան ու ռազմական սարքաւորումներու զարգացման պետական ծրագրին եւ զինեալ ուժերու մարտական հերթապահութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերեալ հարցեր։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան զեկուցեց նախարարութենէն ներս յառաջ տարուած վերակազմակերպման աշխոյժ աշխատանքներուն շուրջ՝ աւելի արդիւնաւէտ ձեւերու եւ մեթոտներու հաստատման նպատակով։

Երեքշաբթի, Յունիս 26, 2018