ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան արդէն կազմած է իր ռազմավարական ծրագիրը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ ան այս կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Զարեհ Սինանեան լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ իրենց ծրագրի առաջին քայլը պիտի ըլլայ Ռուսաստանի հայ համայնքի հետ աշխատանքը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Սինանեան ընդգծեց, որ ռուսահայութիւնը ամենամեծն է սփիւռքի համայնքներու շարքին եւ աշխարհագրական առումով ամենասփռուածը։ Ռուսահայ համայնքը հոգեբանօրէն եւ ֆիզիքապէս ամենաշատ կապը ունի Հայաստանի հետ։ Ճիշդ եւ լաւ աշխատանքի մը պարագային ռուսահայերը ամենամեծ ներուժը կը ներկայացնեն Հայաստանի տեսակէտէ եւ երկիրը այլ բազում օգուտներ կրնայ ստանալ եւ փոխադարձաբար՝ ինքն ալ կրնայ օգնել համայնքին։

Անդրադառնալով ամերիկահայ համայնքի պարագային, անոր հետ աշխատանքի հեռանկարներուն եւ այնտեղ իր ունեցած կապերուն՝ Զարեհ Սինանեան ընդգծեց, որ երեսուն տարի ապրած է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ քաղաքական պաշտօն զբաղեցնելով ձեռք բերած է մեծ կապեր։ Այդ բոլորը կը նախատեսէ շարժման անցընել ի շահ Հայաստանի։

Միեւնոյն ժամանակ, Զարեհ Սինանեան ընդգծեց, որ սփիւռքը կ՚ուզէ մասնակցիլ Հայաստանի կեանքին, ուստի պէտք է գտնել ճիշդ, արդիւնաւէտ ճանապարհները։ Իր համոզմամբ, արդար դատական համակարգի մը կայացումը, տնտեսութեան բարելաւումը, մենաշնորհներու վերացումը գործնական քայլեր են, որոնք կրնան խթանել հայրենադարձութիւնը։

«Այսինքն՝ պետութիւնը, հասարակութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլան հայրենադարձութեան։ Բացառութեամբ ֆորսմաժէօրային իրավիճակներու, եթէ Հայաստան կարողանայ ապահովել լուրջ թիւերով հայրենադարձութիւն, սա ինքնին պիտի վկայէ պետականութեան կայացման, ուժեղացման, նաեւ կառավարման յաջողութեան մասին։ Իսկ այս բոլորի համար նախ եւ առաջ մենք պէտք է դիւրացնենք հայրենադարձութեան գործընթացը, վերացնենք արհեստական խոչընդոտները եւ բարելաւենք օրէնսդրական դաշտը։ Հայրենադարձութիւնը արդէն գոյութիւն ունի, սկսած է, հսկայական ծաւալներու չի հասնիր, բայց մարդիկ կու գան եւ իմ օրինակը կրնայ ոգեշնչել։ Հայրենադարձութեան պատրաստուելու ժամանակ պէտք է հիմնաւորապէս ուսումնասիրենք միջազգային փորձառութիւնը։ Սփիւռքը կ՚ուզէ մասնակցիլ Հայաստանի կեանքին, մենք պիտի գտնենք ճիշդ, արդիւնաւէտ ճանապարհները եւ բնականաբար այս ընթացքին մէջ Հայաստանէ ներս արդար, մարդակեդրոն, հայաստանակեդրոն, քաղաքացիակեդրոն հասարակարգի մը ստեղծուիլը կարեւորագոյն նախապայմանն է», ըսաւ Զարեհ Սինանեան։   

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2019