ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԲԱՆՏ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկուան դրութեամբ վերադարձաւ բանտ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան կը դատուի 1 մարտ 2008 թուականին տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն բերումով։ Տասն զոհ խլած այդ դէպքերու վերաբերեալ թղթածրարը վերաբացուած էր Հայաստանի իշխանափոխութենէն վերջ։ Մեղադրեալի կարգավիճակով կը դատուի Քոչարեան եւ երկար ամիսներ ան պահուեցաւ բանտի մէջ։ Հիմնաւորումը այն էր, որ ազատութեան մէջ գտնուելու պարագային ան կրնար խոչընդոտել դատավարութեան առողջ ընթացքը։ Առաջին ատեանի դատարանը միջոց մը առաջ որոշած էր ազատ արձակել Ռոպերթ Քոչարեանը։ Այս վերջինը պիտի շարունակուէր դատուիլ ազատութեան մէջ։ Քոչարեանի ազատ արձակուիլը Հայաստանի հասարակութեան կարեւոր մէկ հատուածէն ներս պատճառ դարձած էր պոռթկումի։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ շատ ծանր արտայայտութիւններ ունեցած էր դատական համակարգի հասցէին ու չէր թաքցուցած իր անհանգստութիւնը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի ազատ արձակման կապակցութեամբ։ Այս բոլորին զուգահեռ մեղադրող կողմը՝ դատախազութիւնն ու միւս արդարադատական մարմինները Վերաքննիչ քրէական դատարանի մօտ վիճարկած էին՝ Քոչարեանի ազատ արձակման վերաբերեալ դատավճիռը։ Երէկ, Վերաքննիչ քրէական դատարանը հրապարակեց իր որոշումը։ Այսպէս, Վերաքննիչը բեկանեց Առաջին ատեանի դատավճիռը եւ բաւարարեց մեղադրող կողմի պահանջը։ Այսպէս, Ռոպերթ Քոչարեան պէտք է վերստին բանտարկուի։ Հարկ է նշել, որ ներկայ շաբթուան սկիզբին այս գործը քննող դատաւոր Արմէն Դանիէլեան դիմած էր ոստիկանութիւն՝ իր անվտանգութեան ապահովման համար։

Այս դատավճռի արձակման զուգահեռ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ ինքնակամ ներկայացաւ «Երեւան-Կեդրոն» քրէակատարողական հիմնարկ, որ կը գտնուի Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շէնքէն ներս։ Դատարանի կալանքի որոշման համար բանտ վերադառնալու ժամանակ Ռոպերթ Քոչարեան լրագրողներուն ըսաւ. «Կը կարծեմ՝ դուք տեսած էք, թէ ո՛չ օրէնք կայ, ո՛չ օրինականութիւն»։

Երբ ան բանտ կը մտնէր, իր համակիրները, աջակիցները հաւաքուած էին շէնքի դիմացը՝ Քոչարեանի ազատ արձակման պահանջով։

Հայաստանի մէջ այս իրադարձութիւնները օրակարգը կը զբաղեցնեն անմիջականօրէն։ Կարգ մը մեկնաբաններ այս բոլորի լոյսին տակ կ՚ընեն խորհրդածութիւններ, ըստ որոնց իշխանութիւններու ընթացքով Ռոպերթ Քոչարեան վերստին կը դառնայ քաղաքական գործօն։  

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2019