ԱԱԾ-ԷՆ ՆՈՐ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄ
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) կը շարունակէ բացայայտել համացանցին վրայ՝ պետութեան, հասարակութեան եւ անձի անվտանգութեան վնաս հասցնող կեղծ տեղեկատուութիւն հրապարակող եւ տարածող կեղծ օգտատէրեր:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱԱԾ-ն յայտնեց, որ ընթացիկ տարուան 21 մայիսին, «WhatsApp» բջիջային ծրագիրին մէջ արձանագրուած ուքրանական +380963496856 հեռաձայնի թիւով «Alex» անունով եւ «YouTube» ընկերային ցանցին վրայ «Armen Tigranian» տուեալներով օգտատիրոջ կողմէ տարածուած է տեսանիւթ մը, որուն մէջ իբր թէ Ատրպէյճանի քաղաքացիներ անարգել կը շրջին Երեւանի մէջ, ուր մնացած են քորոնաժահրին պատճառով եւ կը կատարեն տեսանկարահանումներ, իսկ Հայաստանի յատուկ ծառայութիւնները անգործութեան մատնուած են:
Կատարուած հետազօտութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ պարզուած է, որ տարածուած տեսանիւթը մոնթաժի արդիւնք է, որուն կցուած է նախապէս պատրաստուած ձայնագրութիւնը: Պարզուած է նաեւ, որ նշուած տեսագրութիւնը տարածելու համար ուքրանական +380963496856 հեռաձայնի թիւով բաժանորդը «WhatsApp»ի մէջ արձանագրած է խումբ մը, որուն մէջ ներառած է քանի մը տասնեակ հայկական հեռաձայնի թիւեր եւ նոյն ատեն վերջիններուս ուղարկած այդ տեսագրութիւնը:
«Նշուած հանգամանքը մէկ անգամ եւս կը վկայէ, որ ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ կեղծ եւ սիրողական մակարդակով բարձրացնել անդունդին գտնուող ատրպէյճանական ժողովուրդի «մարտական ոգին»: Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն անգամ մը եւս կը յորդորենք բջիջային յաւելուածներով եւ ընկերային կայքերով շփումներու մէջ ըլլալ առաւել զգօն, ցուցաբերել զգուշաւորութիւն ու շրջահայեացութիւն, չմատնուիլ խուճապի ու չտարածել նմանօրինակ տեսանիւթեր, իսկ այդպիսի տեսանիւթերու ստացման պարագային ուղարկող օգտատէրերու մասին տեղեկացնել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան», կը յայտարարէ ԱԱԾ-ն: