ԱՆԳԱՐԱ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ
Միջերկրականի իրադարձութիւնները եւ Լիպիոյ տագնապը պատճառ դարձած են, որ Թուրքիա այս շրջանին լուրջ մրցակցութեան մը ներգրաւուի միջազգային շարք մը յառաջատար դերակատարներու հետ։ Սուրիոյ պարագային Ռուսաստանի հետ երկար ժամանակ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն մը ծաւալելէ վերջ, Լիպիոյ համար Թուրքիա տարակարծութիւններ կ՚ապրի Ռուսաստանի հետ։ Նման խնդիր մը առկայ է նաեւ Ֆրանսայի հետ։ Թրքական կողմը վերջին շրջանին գործնական միջամտութիւններով սկսած է ուղղակիօրէն պայմանաւորել իրադարձութիւններու ընթացքը։ Իր քայլերը անհանգստութիւն յառաջացուցած են նաեւ Եգիպտոսի մէջ։ Այդ երկիրները զանազան առիթներով կ՚ուղղեն նաեւ ազդարարութիւններ Թուրքիոյ դէմ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն այս մթնոլորտին մէջ երէկ շարք մը կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ CNN-Türk-ին։ Այսպէս, ան յստակ ընդգծեց, որ Թուրքիա կը մնայ անդրդուելի։ Սուրիոյ կամ Արեւմտեան Միջերկրականի մէջ կարելի չէ նոր վիճակ մը ստեղծել առանց Թուրքիոյ։ Նոյնը ի զօրու է նաեւ Ափրիկէի հիւսիսին եւ կամ Միջերկրականի հիւսիսին՝ քանի այդ տարածքաշրջանները կը հանդիսանան ՆԱԹՕ-ի հարաւային թեւը։
«Թուրքիա պիտի շարունակէ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը առնել՝ իր իրաւունքներուն եւ շահերուն համար», ըսաւ Իպրահիմ Քալըն եւ յիշեցուց, որ նախագահ Էրտողան ջանքեր կը գործադրէ Լիպիոյ մէջ հրադադարի հաստատման եւ քաղաքական լուծման գործընթացի զարգացման առաջադրութեամբ։ Ան աւելի առաջ աշխարհի բազում երկիրներու ղեկավարներուն հետ քննարկած է այս խնդիրները։ Քալըն շեշտեց, որ Թուրքիա կողմնակից է հրադադարի մը հաստատման։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ բանբերը դիտել տուաւ, որ Լիպիոյ պարագային Ռուսաստան կը խրախուսէ Հաֆթէրը եւ թրքական կողմը յստակօրէն Մոսկուայի նկատառման յանձնած է իր տարաձայնութիւնները։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ սկիզբին կը պաշտպանէր Հաֆթէրը։ Աւելի վերջ, երբ Հաֆթէր մօտեցաւ Ռուսաստանին, ամերիկեան կողմը սկսաւ որոշ հեռաւորութիւն մը պահել անոր հետ։ Բայց եւ այնպէս, բնորոշիչ դերակատարութիւն մը ստանձնելու ուղղութեամբ ձեռնպահ է ամերիկեան կողմը։ «Այս հարցին շուրջ մեր շփումները պիտի շարունակուին ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի հետ», յայտնեց Իպրահիմ Քալըն։
ՓԱՐԻԶ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՇԱՐՔ ՄԸ ԲԱՐԴ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ՀԵՏԱՄՈՒՏ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այսօր հեռավար դրութեամբ բանակցութիւններ կը վարեն։ Լիպիոյ վերաբերեալ իրադարձութիւններու բերումով այս երկու երկիրները ներկայիս լուրջ տարակարծութիւններ ունին Թուրքիոյ հետ։ Փութինի եւ Մաքրոնի բանակցութիւնները այս ժամկէտին բերումով կը համարուին ուշագրաւ։
Էլիզէի պալատի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ երկու նախագահները այսօր տեսաքոնֆերանսով բանակցութիւններ կը վարեն կէսօրուան ժամերուն։ Ըստ Էլիզէի բանբերին, անհրաժեշտ է տագնապներու լուծման հարցին մէջ ապահովել յառաջընթաց մը՝ մասնաւորապէս Ուքրայնայի պարագային։
Էմմանիւէլ Մաքրոն մտադիր է Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկել ռազմավարական հաւասարակշռութեան հարցեր, Լիպիոյ եւ Իրանի առկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ քորոնաժահրի տարածման վերաբերեալ հիմնահարցերը։ Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ ճգնաժամային հիմնական խնդիրներուն, որոնք ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ են։
Ֆրանսական կողմը համոզուած է, թէ անհրաժեշտ է Ռուսաստանի հետ քննարկել շարք մը դժուարին հիմնախնդիրներ։ Կողմերը պէտք է քննարկեն համագործակցութեան առընչուած, Եւրոպայի կայունութեան ամրապնդման, միջազգային տագնապներու լուծման եւ սիպերանվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։