ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԴՈՒՆՉՈՎ ՇՈՒՆԸ

Միացեալ Նահանգներու Վիրճինիա նահանգի Ռիչմոնտ քաղաքին մէջ բնակող երկու տարեկան շուն մը մարդոց ուշադրութիւնը կը գրաւէ իր արտասովոր երկար դունչով:

Էրիս կը կոչուի այս շունը, որ հաւանաբար աշխարհի ամենաերկար դունչը ունեցող շունն է: Ընտանի կենդանիի դունչի երկարութիւնը կը հասնի 31 սանթիմեթրի:

Շան տիրուհին՝ Լիլի Քամպուրեան, համացանցի վրայ հրապարակած էր կենդանիի լուսանկարը, որու մէջ յստակ կ՚երեւէր մռութի իսկական չափերը։ Համացանցային այս տեղադրումէն վերջ շունը դարձած է նշանաւոր։ Օգտատէրերը տպաւորած է իւրօրինակ կենդանին:

Քամպուրեան նշած է, որ ռուսական «քերծէ» տեսակի այս շունը սկսած է պահել լոյս աշխարհ եկած առաջին իսկ օրերէն՝ 2018 թուականէն ի վեր:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020