ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները շարունակեցին վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստին ժամանակ ծաւալուած քննարկումները։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շուրջ։ Զօհրապ Մնացականեան ընդգծեց Արցախի ժողովուրդի եւ անոր կողմէ ընտրուած իշխանութեան դերակատարութիւնը խաղաղ կարգաւորման գործընթացէն ներս։ Այս առընչութեամբ երկուստեք կարեւորուեցաւ նման ձեւաչափով պարբերական հանդիպումներու կազմակերպումը՝ հաշտութեան գործընթացի բովանդակային, ռիսքերու նուազեցման եւ մարդասիրական հարցերու շուրջ դիրքորոշումներու եւ մօտեցումներու ճշգրտման առումով։
Զօհրապ Մնացականեան եւ Մասիս Մայիլեան բարձր գնահատեցին Հայաստանի եւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային զանազան հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններու իրականացումը։ Արդարեւ, սա լաւ հնարաւորութիւն մըն է անդրադառնալու համար Երեւանի եւ Ստեփականակերտի հետաքրքրութեան առարկայ հարցերուն եւ համագործակցութեան հեռանկարներուն։
Նախարարները անդրադարձան նաեւ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած իրադրութեան եւ անոր ընկերատնտեսական հետեւանքներու մեղմացման ուղղեալ ծրագրերու իրականացման։
Միւս կողմէ, Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի միջազգային հետազօտութիւններու կեդրոնի յառաջատար գիտաշխատող Սերկէյ Մարքետոնով յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հիմքը կը մնան Մատրիտեան սկզբունքները։ «Ղարաբաղի խնդրի շուրջ բանակցութիւններուն մէջ խնդրայարոյց հիմնական հարցերը կը մնան կարգավիճակը, հանրաքուէն, փախստականներու խնդիրը։ Կարգաւորման ընդհանուր հիմքը չափանիշացած Մատրիտեան սկզբունքներն են», ըսաւ ան։
Բաց աստի, ռուս մասնագէտը ընդգծեց, որ հայկական ուժերու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ան-վըտանգութեան գօտիի շրջաններու ազատագրումը կապ ունի անվտանգութեան ակնյայտ ռիսքերու հետ։ Իսկ եօթ շրջաններէ հայկական ուժերու հեռացումը յղի է հակամարտութեան սրման։ Հիմնական խոչընդոտներէն մին է նաեւ հանրաքուէի հարցը, որ Մատրիտեան նորացուած փաստաթուղթերով պարտադիր է իրաւաբանօրէն։
«Ատրպէյճանի համար սա վտանգաւոր է, որովհետեւ Ղարաբաղի մէջ կրնան քուէարկել Ատրպէյճանէ դուրս ըլլալու կարգավիճակի ի նպաստ։ Այսպէսով, հարցի փուլային կարգաւորման առումով արտառոց ոչինչ կայ։ Այլ խնդիր՝ թէ ինչպէս կը հասկնանք զայն։ Այս սկզբունքներուն մէջ այլ խնդիրներ ալ կան. օրինակ՝ Հայաստանի հետ անվտանգութեան միջանցքի հարցը», նշեց Մարքետոնով եւ աւելցուց, որ գործընթացը կրնայ շարունակուիլ եւս տասն տարի, արագ լուծման որեւէ նախադրեալ գոյութիւն չունի։
Ռուս վերլուծաբանը շեշտեց նաեւ, որ կարգաւորման արագացումը չի բխիր Մոսկուայի շահերէն եւ այս հարցին շուրջ պէտք չէ շտապողականութիւն։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով անցեալ ապրիլին յայտարարած էր, որ հակամարտ կողմերը կը քննեն կարգաւորման հարցը՝ փուլային մօտեցում ենթադրող փաստաթուղթերու հիման վրայ։ Ի պատասխան Զօհրապ Մնացականեան յայտարարած է, որ Հայաստան համամիտ չ՚ըլլար լուծումի մը, որով կրնայ վտանգուիլ Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը։