ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԵՄԱԴՐԻՉ ՆԻԿՈԼ ՊԷԶՃԵԱՆ ԱՐԽԻՒԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ

Լիբանանահայ շարժանկարի գործիչ Նիկոլ Պէզճեան իր արխիւները յանձնած է «Հայկազեան» համալսարանին։ Ան համբաւ կը վայելէ՝ որպէս բեմադրիչ եւ ժապաւէններու արտադրիչ։ Այսուհետեւ իր արխիւները ի պահ պիտի դրուին «Հայկազեան» համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանէն ներս։ Անցեալ ապրիլի վերջաւորութեան արդէն յիշեալ գրադարանը հարստացած է այդ արխիւով։

Համալսարանի աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանի  ուղղուած նամակին մէջ, ի միջի այլոց, կը գրէ. «1997 թուականի գարնան երբ Լիբանան տեղափոխուեցայ, հայագիտական գրադարանը հանդիսացաւ երկրորդ տունս: Իսկ այդ թուականէն ետք պատրաստած շարժանկարներուս համար մեծապէս օգտուեցայ Հայագիտական գրադարանի հարուստ հաւաքածոյէն: Աւելի՛ն, «Պէզճեան» գերդաստանը 19-րդ դարէն սկսեալ մեծ ներդրում ունեցած է Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ըլլալով նոյնիսկ հիմնադիրներէն Այնթէպի քոլէճին»:

Բեմադրիչը իր արխիւները Հայկազեան համալսարան յանձնելով կը յուսայ, որ սփիւռքատարած հայագիտական կեդրոններ յաւելեալ ճիգ թափեն հայ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու արխիւները իրենց յարկերէն ներս համատեղելու:

Նիկոլ Պէզճեան հեղինակն է  աւելի քան քսան գեղարուեստական եւ վաւերագրական շարժանկարներու, որոնցմէ շատերը  ներկայացուած են  միջազգային փառատօներու եւ արժանացած՝ մրցանակներու:

Տեղին է նաեւ նշել, որ վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին  Նիկոլ Պէզճեան Հայկազեան համալսարանի զոյգ գրադարաններուն նուիրած է  բազմաթիւ գիրքեր եւ լսատեսողական իրեր:

Նիկոլ Պէզճեանի արխիւները ուսումնասիրողներու հասանելի պիտի ըլլան նուիրատուին եւ համալսարանի միջեւ կայացած որոշ  պայմաններով:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020