ՀՈՅԱՄՈՂԷԶԻ ՀԱՒԿԻԹՆԵՐ

Ճաբոնի մէջ գտնած են հոյամողէզի ամենափոքր հաւկիթը։ Ճաբոնի հարաւ-արեւմուտքին գտած են գիտութեան աշխարհին ծանօթ հոյամողէզի հաւկիթներու ամենափոքրի կճեպը։ Ան կը պատկանի Himeoolithus murakamii տեսակի հոյամողէզին:

Ճաբոնական Kyodo լրատուամիջոցը կը յայտնէ, որ հաւկիթը ունի մօտաւորապէս 10 քիլօկրամ ծանրութիւն, 4.5 սմ. բարձրութիւն եւ 2 սմ. լայնութիւն։

Գիտնականները ընդհանուր առմամբ յայտնաբերած են քարացած 4 հաւկիթ եւ կճեպի աւելի քան 1300 կտոր։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020