ՄԱՅՐՈՒՂԻԻ ՎՐԱՅ ԿՈԿՈՐԴԻԼՈՍ

Միացեալ Նահանգներու մէջ ոստիկանութիւնը բռնած է մայրուղիի վրայ քայլող կոկորդիլոսը։

Միացեալ Նահանգներու Ճորճիա նահանգի ոստիկանութիւնը բռնած է մայրուղիի վրայ քայլող կոկորդիլոսը։ Ճանապարհով երթեւեկող վարորդները ահազանգ հնչեցուցած են ոստիկանութեան եւ յայտնած են, որ մայրուղիէն անցնելու ժամանակ հանդիպած են սողունի մը։

Ոստիկանութիւնը անմիջապէս դիմած է նաեւ կենդանիներու պաշտպանութեան ծառայութեան ներկայացուցիչներուն, որոնց օգնութեամբ «վնասազերծած են» հսկայ սողունը։

«Այն վայրը, ուր տեսնուած է կոկորդիլոսը, շրջապատուած է ոստիկանութեան կողմէ: Կարճ հետապնդումէ վերջ զայն բռնած են։ Տուժածներ չեն եղած», յայտնած են տեղւոյն ոստիկանական բաժանմունքէն։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020