ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇ

Բ. Աշխարհամարտի յաղթական աւարտը այս շրջանին հանդիսաւորապէս կը նշուի նախկին Խորհրդային Միութեան անդամ երկիրներէն ներս։ Մեծ յաղթանակի 75-ամեակը յոբելենական զանազան ձեռնարկներով կ՚արժեւորուի նաեւ Հայաստանի մէջ։ Նոյն ծիրին մէջ «Հայփոստ» ընկերութիւնը թողարկեց դրոշմաթուղթ մը։ Այս առաւօտ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ այս նամականիշի կնքման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Քորոնաժահրի համաճարակի սահմանափակումներուն համապատասխան մթնոլորտի մը մէջ, այս կնքման արարողութիւնը կազմակերպուած էր «Մայր Հայաստան» յուշարձանին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս յուշարձանի յարակից համալիրը Բ. Աշխարհամարտի վերաբերեալ թանգարան մըն է։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020