1458 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր կացութիւնը միշտ զգուշութեան անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, ընկերային ցանցերու վրայ նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ աշխարհի վրայ նոր դէպքերու թիւը կը ծաւալի եւ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ վերաբերեալ լաւ լուրեր փոխանցել։
Երէկ, Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 52 հազար 303 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1458 նոր վարակեալ։ Սա արդէն վտանգաւոր շեմի շատ մօտ թիւ մըն է։ Վերջին օրուան ընթացքին առողջացածներու թիւը եղաւ 1472։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 21 հիւանդ զոհ գնաց համավարակին։ Նոր վարակուածներու եւ առողջացածներու թիւի տարբերութեան այսքան նուազ ըլլալը լուրջ խնդիր մըն է համաճարակի մթնոլորտին մէջ։
Ֆահրետտին Քոճա երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ խտացեալ խնամքի տակ առնուած հիւանդներու թիւը որոշ չափով աճած է։ Բայց եւ այնպէս, հիւանդներու խտացեալ խնամքի տակ մնալու եւ ընդհանուր բուժման ժամկէտը նուազած է։ Նոր վարակեալներու թիւը կ՚ապացուցանէ, որ նախազգուշական միջոցները թուլացած են։
Հարկ է նշել, որ այս շաբաթավերջի երկու օրերուն Թուրքիոյ մէջ փողոց դուրս գալու սահմանափակում պիտի գործադրուի օրուան կարեւոր բաժնին՝ համալսարանի մտից քննութիւններու բերումով։