ԱԶԴՈՒ ԵՒ ՎՃՌԱԿԱՄ

Թուր­քիոյ ներ­քին քա­ղա­քա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը ի հի­մա­նէ կը վե­րա­ձե­ւա­ւո­րուին՝ Յու­լի­սի 15-ի զի­նեալ յե­ղաշրջ­ման ձա­խող փոր­ձէն վերջ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ Պեշ­թե­փէի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։ Բա­ցի ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ու վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մէն, հան­դիպ­ման մաս­նակ­ցե­ցան ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լի։ 2 ժամ 40 վայր­կեան տե­ւեց այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, որ ու­նե­ցաւ պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, ընդ­դի­մա­դիր եր­կու կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ յանձն ա­ռին այ­ցե­լել Պեշ­թե­փէի նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տը։ Յու­լի­սի 15-էն ան­մի­ջա­պէս վերջ, Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ ա­ռան­ձին ա­ռան­ձին մէկ­տե­ղուած էր Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի եւ Պահ­չե­լիի հետ, իսկ ե­րէ­կուա­նը ար­դէն գա­գաթ­նա­յին ձե­ւա­չա­փով հան­դի­պում մըն էր։

Երկ­րի դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէ­րին դէմ ազ­դու եւ վճռա­կամ պատ­գամ­ներ փո­խան­ցուե­ցան ե­րէ­կուան հան­դիպ­ման ար­դիւն­քին։ Ար­դա­րեւ, Էր­տո­ղա­նի եւ կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան մշակ­ման ուղ­ղեալ քայ­լե­րուն շուրջ։ Հա­սա­րա­կաց խնդիր­նե­րու դի­մաց ո­րո­շուե­ցաւ աշ­խոյժ ձե­ւով օգ­տա­գոր­ծել քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան դրու­թիւ­նը։ Էր­տո­ղան պե­տա­կան հա­րուա­ծին դէմ որ­դեգ­րուած դիր­քո­րոշ­ման բե­րու­մով շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց իւ­րա­քան­չիւր կու­սակ­ցա­պե­տին։ Ըստ պաշ­տօ­նա­կան հա­ղոր­դում­նե­րուն, ար­տա­կարգ դրու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ յա­ռաջ տա­նե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան ակն­կա­լեց կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Թէ՛ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու եւ թէ Պահ­չե­լի ընդգ­ծե­ցին ի­րա­ւուն­քի սահ­ման­նե­րուն մէջ մնա­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու այս հան­դի­պու­մէն վերջ, Էր­տո­ղա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, նոյն­պէս Պեշ­թե­փէի մէջ գու­մա­րուե­ցաւ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը։ Ընդ­դի­մա­դիր ղե­կա­վար­նե­րու հետ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ ստեղ­ծուած դրա­կան մթնո­լոր­տը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ կա­ռա­վա­րու­թեան ժո­ղո­վի մի­ջա­վայ­րին վրայ։ Նիս­տի ա­ւար­տին Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով։ Ան ը­սաւ, թէ կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու հետ կը գտնուին փո­խըմբռն­ման մէջ։ Նոր Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը պի­տի մշա­կուի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Հա­սա­րա­կաց գե­տին մը գո­յա­ցած է, որ­պէս­զի փոքր թղթած­րա­րի մը ձե­ւա­չա­փով Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը վե­րամ­շա­կուի՝ լիա­կա­տար փո­խըմբռն­ման մէջ։ Ըստ վար­չա­պե­տին, նոր Սահ­մա­նադ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը ար­դէն սկսած է։ Թէեւ խորհր­դա­րա­նէն ներս ներ­կա­յա­ցուած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ՀՏՓ­-ի ղե­կա­վա­րը ե­րէկ չէր հրա­ւի­րուած Պեշ­թե­փէ, սա­կայն վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, թէ այդ կու­սակ­ցու­թիւնն ալ կրնայ մաս­նակ­ցիլ նոր Սահ­մա­նադ­րու­թեան աշ­խա­տան­քին։

Վար­չա­պե­տը կա­ռա­վա­րու­թեան ժո­ղո­վէն վերջ կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց նաեւ շարք մը այլ կա­րե­ւոր նիւ­թե­րու շուրջ։ Այս­պէս, Բարձ­րա­գոյն զի­նուո­րա­կան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վը պի­տի ա­ւար­տի օ­րուան մը ըն­թաց­քին։ Ոս­տի­կան զօր­քե­րը եւ Ա­ռափ­նեայ անվ­տան­գու­թեան հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի կա­պուին Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան։ Բա­ցի աս­տի, կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է Վոս­փո­րի կա­մուր­ջը վե­րա­նուա­նել որ­պէս 15 Յու­լի­սի նա­հա­տա­կաց կա­մուրջ։

Միւս կող­մէ, ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցին ՖԵ­ԹԷՕ-ի դէմ ձեռ­նար­կուած հար­ցաքն­նու­թիւնն ալ ամ­բողջ թա­փով կը շա­րու­նա­կուի՝ ար­ժա­նա­նա­լով հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Ե­րէկ, Մար­մա­րի­սի մէջ ձեր­բա­կա­լուե­ցան եօթ զի­նուոր­ներ, ո­րոնք Յու­լի­սի 15-ի գի­շե­րը յար­ձա­կած էին Էր­տո­ղա­նի ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կին վրայ։ Պե­տա­կան կամ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րէ, դի­ւա­նա­կա­լա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներս կը շա­րու­նա­կուին լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քին կաս­կա­ծեալ­ներ կը հրա­ւի­րուին հար­ցաքն­նու­թեան։ 

Երեքշաբթի, Յուլիս 26, 2016