ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ՝ այսօր եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած է Իսրայէլի Տարածքաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպի։ Մինչեւ Յուլիսի 27-ը պիտի շարունակուին իր շփումները, որոնց ընթացքին հիւր նախարարը հանդիպումներ կ՚ունենայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Նալպանտեանի կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր, իր կեցութեան օրերուն Ցախի Հանեկպի կ՚ընդունուի Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։ Նախատեսուած են նաեւ Հանեկպիի հանդիպումները Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան եւ հաղորդակցութեան նախարարներուն հետ։ Այս առաւօտ իսկ տեղի ունեցաւ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Ցախի Հանեկպիի առաջին հանդիպումը։ Առաւօտեան ժամերուն հիւր նախարարը երկկողմանի համագործակցութեան ուղղեալ փաստաթուղթեր ստորագրեց թէ՛ Եդուարդ Նալպանտեանի եւ թէ Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի հետ։ Օրուան տեւողութեան կը շարունակուին բանակցութիւնները։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հիւր նախարարը կ՚այցելէ նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2017