Շաբաթ 11, Յունուար 2025
ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն քաղաքական երկխօսութեան ժողովը։ Եւրոպական կողմը ներկայացուցին ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման կոմիսար Եոհաննէս Հահն։ Թրքական կողմը ներկայացուցին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ԵՄ-ի գծով նախարար Էօմէր Չելիք։
Տեղական մամլոյ հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին շօշափելի զարգացում մը չարձանագրուեցաւ կողմերու առկայ տարաձայնութիւններու յաղթահարման տեսակէտէ, սակայն հանդիպումը կարեւոր էր երկխօսութեան միջոցները բաց պահելու տեսակէտէ։
Մոկերինի յայտնեց, որ Թուրքիա թէ՛ ԵՄ-ի անդամակցութեան թեկնածու երկիր մըն է եւ թէ ռազմավարական գործընկեր։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2017