ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՁՄԵՐՈՒԿԻ 6-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2018» եռամսեայ ձեռնարկներու ծիրին մէջ Կարապի լիճի յարակից տարածքին սկիզբ առաւ բազմաթիւ երեւանցիներու եւ զբօսաշրջիկներու կողմէ սիրուած եւ սպասուած ձմերուկի 6-րդ փառատօնը:

Արդէն աւանդական դարձած փառատօնի ծիրէն ներս հիւրերուն եւ մասնակիցներուն համար նախատեսուած էր հաճելի եւ հետաքրքրական ժամանց, ինչպէս՝ շքերթ դիմակահանդէսով, որ իրականացուեցաւ Կարապի լիճ-Հիւսիսային պողոտայ-Կարապի լիճ յետագիծով: Տեղի ունեցաւ փառատօնի բացման արարողութիւնը, որուն կը հետեւէին՝ մրցոյթներ, հիւրասիրութիւն, երաժշտական ծրագիր, ուրախ խաղեր եւ այլն: Իսկ աւարտին մրցոյթներուն յաղթողները արժանացան հետաքրքրական մրցանակներու:

Հինգշաբթի, Յուլիս 26, 2018