ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ՝ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻ ՀԻՆԳ ՍԱՀՄԱՆԱԽԱԽՏՆԵՐ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ ձերբակալուեցան՝ Աֆղանիստանի քաղաքացիներէ բաղկացեալ յանցախումբի անդամներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի սահմանը հսկող Ռուսաստանի սահմանապահ զօրքերուն կողմէ ձերբակալուեցան այդ հինգ սահմանախախտները, որոնք փորձած են ապօրինի ճանապարհով ներխուժել Հայաստանի սահմանէն ներս։

Ռուս սահմանապահները սահմանախախտները յանձնած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն։ Աֆղանիստանի այդ հինգ քաղաքացիներու պարագային ներկայիս կ՚իրականացուին գործողութիւններ՝ պարզելու համար դէպքի մանրամասնութիւնները։

Ռուս սահմանապահները հրապարակած են նաեւ զանազան լուսանկարներ՝ Աֆղանիստանի քաղաքացի սահմանախախտներու ձերբակալման պահէն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 26, 2018