ՇՓՄԱՆ ԽՐԱԽՈՅՍ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան երէկ յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։ Բանբերը տեղեկացուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները առաջարկած են նոր հանդիպում մը եւս կազմակերպել՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատըր-պէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի մասնակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, յուլիսի 11-ին, Պրիւքսելի մէջ Մնացականեան եւ Մամէտեարով իրենց առաջին հանդիպումը ունեցած էին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահներուն՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա) նախաձեռնութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տիգրան Բալայեան երէկ ըսաւ. «Արտաքին գործոց նախարարներու եւս մէկ հանդիպում իրականացնելու վերաբերեալ առաջարկ ներկայացուած է համանախագահներուն կողմէ։ Հանդիպման վայրին եւ ժամկէտներուն շուրջ վերջնական համաձայնեցումէ յետոյ այս մասին կը տեղեկացնենք մեր հասարակութեան, ինչպէս եւ կատարուած է նախապէս»։

Էլմար Մամէտեարով երկու օր առաջ յայտնած էր, որ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ կը ծրագ-րըւի իր հանդիպումը Զօհրապ Մնացականեանի հետ։ Ատրպէյճանցի նախարարը յայտնած էր, որ տեսակցութիւնը հաւանաբար տեղի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի ծիրէն ներս։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց. «Ատրպէյճան խաղաղութեան հնարաւորութիւնը կը խաթարէ իր գործողութիւններով եւ մենք պիտի ըլլանք իրավիճակին համարժէք»։

Փաշինեան երէկ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս մասնակցեցաւ երկրի ռազմաուսումնական հաստատութիւններու 2017-2018 շրջանի աւարտական հանդիսութեան։ Վարչապետը այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ «Մենք կը կարծենք, որ խաղաղ, բանակցային ճանապարհով հարցի կարգաւորումը կարեւոր է եւ հնարաւոր, բայց կ՚ըսենք նաեւ, որ ասոր համար անհրաժեշտ է համապատասխան մթնոլորտ։ Դժբախտաբար, Ատրպէյճան խաղաղութեան մթնոլորտը եւ հնարաւորութիւնը կը խաթարէ իր գործողութիւններով եւ իր հռետորաբանութեամբ ու մենք իրավիճակին համարժէք պիտի ըլլանք», ըսաւ Փաշինեան։

Աւելի վերջ վարչապետը բացատրեց, որ այս հարցին շուրջ որեւէ դիրքորոշում կարծրացած չէ, եթէ Ատրպէյճան վերատեսութեան ենթարկէ իր մօտեցումը ու նպաստէ խաղաղութեան մթնոլորտի հաստատման։ Այդ պարագային հայկական կողմը եւս համապատասխան ու համարժէք քայլերու պիտի ձեռնարկէ։ Խօսելով բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի անունով բանակցելու հարցին շուրջ՝ Փաշինեան մատնանշեց, որ իր տեսակէտը չէ փոխուած։ Ան շարունակեց. «Մենք կարեւոր կը համարենք Արցախի ներգրաւումը բանակցային գործընթացին։ Ես կրնամ բանակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան անունով, բայց չեմ կրնար բանակցիլ Արցախի անունով, որովհետեւ Արցախը ունի ասոր համար ընտրուած պաշտօնեաներ ու կառոյցներ։ Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու ու նուիրուած ենք հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ջանքերուն, այստեղ երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ»։

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի կողմէ վերջին օրերուն Ատրպէյճանին հասցէագրուած կոշտ յայտարարութիւններուն։ Ան համոզուած է, որ սա նախարարի պարտականութիւնն է։ «Դաւիթ Տօնոյեան շատ ճիշդ ըրած է։ Իր աշխատանքն է ոչ միայն այդպիսի յայտարարութիւններ ընել, այլ նաեւ այդ յայտարարութիւններու բովանդակութիւնը անհրաժեշտութեան պարագային ապահովել», ըսաւ Փաշինեան։

ԵԱՏՄ-Ի ԺՈՂՈՎ

Միւս կողմէ, Նիկոլ Փաշինեան այսօր Սեն Փեթերսպուրկի մէջ կը մասնակցի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին, որ կը տեւէ երկու օր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 26, 2018