ՔԵՍԱՊԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ԳԻՆԵՁՕՆ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Քեսապի «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէս եւ գինեձօն՝ երէցկին Սեւան Հանէշեան-Պիտուրեանի «Արեգնատենչ պորիզոններ» գիրքին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենադպրուհի Սօսի Կարճիկեան: Ան բարի գալուստի իր խօսքէն ետք ըսաւ. «Քեսապը միշտ ունեցած է մշակոյթին եւ գրականութեան հետեւող տասնեակէ մը աւելի հմուտ անձեր, իսկ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղին վարչութիւնը, իր կարգին, միշտ քաջալերած է գրասէրներն ու հայ մշակոյթին ներդրում ունեցողները ու սատար հանդիսացած է անոնց»: Օրուան հանդիսավար Մարալ Կարճիկեան ներկայացուց հեղինակին կենսագրական տուեալները:

Յայտագիրին մասնակցեցաւ նաեւ Սարին Հանէշեան, որ իւրայատուկ ոճով ասմունքեց հեղինակին գիրքէն ընտրուած փունջ մը բանաստեղծութիւններ:

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան՝ ներկայացնելու գիրքին բովանդակութիւնը:

Քահանայ հայրը դիտել տուաւ որ. ««Արեգնատենչ հորիզոններ» գիրքը նուիրուած է Քեսապին: Այս երկու բառերուն ընդմէջէն հեղինակը ցոյց կու տայ, թէ հորիզոնները, որոնք արեգակին տենչանքը ունին, արեւին տենչը ունին, միշտ այդ արեւի փնտռտուքին մէջ են: Գիրքը 103 բանաստեղծութիւններէ բաղկացած հատոր մըն է եւ ունի 11 գլխաւոր բաժիններ: Հեղինակին համար Քեսապը շատ ցցուն ներկայութիւն մըն է այս գիրքին մէջ: Ինք ապրելով, մեծնալով եւ սնանելով այս գիւղին մէջ, իր բոլոր գրութիւններուն աղբիւրը եւ խորքը դարձուցած է գիւղին մէջ իր ունեցած փորձառութիւնները, կեանքը, ապրումները, եւ անոր համեմատ ինք կը ներկայացնէ այնպիսի բանաստեղծութիւններ, որոնք իսկապէս մեր նորօրեայ շրջանին մէջ քաջալերելի եւ դիւրաւ ու հաճոյքով ընթեռնլի են»: Ան նախքան գիրքին գլխաւոր բաժիններուն ներկայացումը՝ յայտնեց, որ այս գիրքը տպագրուած է Հալէպի մէջ՝ որպէս «Այգ» մատենաշարի 24-րդ հատոր, հրամանաւ Բերիոյ թեմի բարեխնամ առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի, որ միշտ քաջալեր հանդիսացած է եւ կը հանդիսանայ մեր երիտասարդ սերունդին, որպէսզի անոնք սնանին ու մեծնան հայ գրականութեան եւ մշակոյթի անդաստանէն ներս: Քահանայ հայրը նկատել տուաւ, որ սրբազան հայրը յատուկ խնամք եւ հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ բոլոր անոնց, որոնք գիրի եւ գրականութեան առաքեալներն են:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գինեձօնի արարողութիւնը՝ գլխաւորութեամբ երկու հոգեւոր հովիւներուն եւ հեղինակին, ապա բոլոր ներկաները, որպէս նուէր, ստացան հեղինակին կողմէ մակագրուած գիրքէն օրինակներ:

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Տ. Նարեկ Քհնյ. Զերէնցեանի սրտի խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Հինգշաբթի, Յուլիս 26, 2018