ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻ՝ ՇՈՒՐՋ 40 ՀԱԶԱՐ ՀՈԳԻԻ ՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի «Ազգային մարզադաշտ»ը, որ պիտի ունենայ միջազգային չափանիշներ եւ պիտի կարենայ ընդունիլ շուրջ 35-40 հազար հանդիսատես։ Այս մասին Դիմագիրքէն ուղղակի հաղորդման ժամանակ յայտնած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ Գէորգ Լոռեցեան:

«Ապրիլ ամսուան վերջը մեկնած էի Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի բանակցութիւններ վարեմ հնարաւոր ներդրողի հետ: Ամերիկեան ներդրողը արդէն իսկ պաշտօնական առաջարկ ուղարկած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութիւն եւ պատրաստ է մինչեւ 300 միլիոն տոլար ներդրում կատարելու Հայաստանի մէջ ՈՒԷՖԱ-ի չորրորդ կարգի մարզադաշտ կառուցելու համար։ Մարզադաշտը պիտի ունենայ մօտաւորապէս 35-40 հազար նստատեղի եւ միջազգային ամենաբարձր չափանիշներ», ըսած է Լոռեցեան:

Ան շեշտած է, որ մարզադաշտը պիտի կառուցուի Երեւանի տարածքին, քանի որ Երեւանէն դուրս կարելի չէ ընդունիլ միջազգային ամենաբարձր մակարդակի հանդիպումներ, ինչպէս՝ եւրոպական եզրափակիչները կամ Եւրոպայի ախոյենութեան խաղերը:

Երեւանի մէջ ներկայիս գոյութիւն ունին ըստ էութեան երկու մարզադաշտեր։ Անոնց երկուքն ալ կառուցուած են սովետական շրջանին։ Մեծագոյնն է Հրազդանի մարզադաշտը, որ սկիզբին ունէր շուրջ 100 հազար հանդիսատեսի տարողութիւն։ Հայաստանի անկախացումէն վերջ, այդ մարզադաշտը վերանորոգուեցաւ՝ ըստ միջազգային չափանիշներու եւ տարողութիւնը որոշ չափով նուազեցաւ։ Յամենայնդէպս այդ հսկայական մարզադաշտը բաւական հեռու է արդի միջազգային չափանիշներէն։ Հրազդան մարզադաշտը երկար տարիներէ ի վեր լքուած վիճակի մը մէջ կը գտնուի եւ թողուած է իր ճակատագրին։ Շուրջ տասն տարիէ ի վեր այնտեղ տեղի չեն ունենար հանդիպումներ։

Միւսն է «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտը, որ ունի շուրջ 15 հազար հանդիսատեսի տարողութիւն։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը վերջին տարիներուն միշտ իր հանդիպումները կ՚ունենայ այս մարզադաշտին վրայ։ Այնտեղ եւս թէեւ պայմանները միջազգային արդի չափանիշները ամբողջութեամբ գոհացնելէ հեռու են, սակայն ըստ էութեան այս մարզադաշտն է, որ մարզասէրներու կարիքները կը դիմագրաւէ։

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019