ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԱԾԷ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՆՈՐ ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒԵՐ

Ռուսական «Սու-30ՍՄ» կործանիչները Հայաստան պիտի ըլլան մինչեւ 2020 թուականի սկիզբը: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին վերջերս լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Ըստ պայմանագրային պարտաւորութիւններու՝ մենք կ՚ակնկալենք արտադրողներու պարտաւորութիւններու իրականացումը այս տարուան վերջը կամ յաջորդ տարուան սկիզբը», ըսած է Տօնոյեան:

Անդրադառնալով բանակի մէջ սպառազինութեան այլ համալրումներու՝ նախարարը, չմանրամասնեց, նշելով, որ ռազմական անակնկալներ պիտի ըլլան:

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019