ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐ ԵՒ ԴԷՄՔԵՐ

Թուր­քիոյ ներ­քին քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ըն­թա­նալ ճա­կա­տագ­րա­կան հու­նի մը մէջ։ Յու­նիս 7-ին տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին հի­ման վրայ յա­ռա­ջա­ցած փա­կու­ղին յաղ­թա­հա­րե­լու ճա­նա­պար­հին՝ եր­կի­րը կը դի­մագ­րա­ւէ լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ։ Որ­քան որ ալ յա­ռա­ջա­ցած ըլ­լան լուրջ բար­դու­թիւն­ներ, բա­րե­բախ­տա­բար եր­կի­րը տագ­նա­պի մը մէջ չէ եւ ար­դէն ու­րուագ­ծուած է ելք մը գտնե­լու հո­րի­զո­նը։

Սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ նա­խա­տե­սուած լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լով՝ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ո­րո­շած է կան­խա­հաս ընտ­րու­թեան տա­նիլ եր­կի­րը։ Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Սա­տի Կիւ­վէնն ալ ե­րէկ հաս­տա­տեց, որ ընտ­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Նո­յեմ­բե­րի 1-ին։ Էր­տո­ղան, նոյն­պէս ե­րէկ, օ­րուան սկիզ­բին շուրջ մէ­կու­կէս ժամ տե­սակ­ցե­ցաւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի հետ։ Ան այս առ­թիւ Տա­վու­տօղ­լուն պաշ­տօ­նի կո­չեց ժա­մա­նա­կա­ւոր կառա­վա­րու­թիւ­նը գլխա­ւորե­լու եւ ա­նոր կազ­մը ձե­ւա­ւորե­լու հա­մար։ Մինչ այդ, Ազգա­յին մեծ ժո­ղո­վի դի­ւանն ալ ե­րէկ Տա­վուտօղ­լուին ուղար­կեց նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին վե­րա­բե­րեալ ցու­ցա­կը։ Խորհր­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ ներ­կա­յա­ցուած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, ըստ իրենց ա­թոռ­նե­րու թի­ւի յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան, հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան նա­խա­րար­ներ տա­լու նոր դահ­լի­ճին։ Այս­պէս, ԱՔ կու­սակ­ցութեան կը վի­ճա­կի տասն­մէկ նա­խա­րար, ՃՀՓ­-ին՝ հինգ նա­խա­րար, ՄՀՓ­-ին՝ ե­րեք նա­խա­րար, ՀՏՓ­-ին՝ ե­րեք նա­խա­րար եւ ան­կախ­նե­րուն՝ նոյն­պէս ե­րեք նա­խա­րար։

Այ­սօր իսկ Տավու­տօղ­լու կը սկսի հրա­ւէր-առա­ջարկ­ներ ու­ղար­կել պատկան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ե­րես­փո­խան­նե­րուն։ Հինգ օ­րուան ժամ­կէտ մը սահ­մա­նուած է՝ որ­պէս­զի ան ձե­ւա­ւո­րէ նոր նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դը, ո­րու կազ­մը պի­տի յղուի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խագա­հի վա­ւե­րաց­ման։ Վստա­հու­թեան քուէի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մը պի­տի չըլ­լայ այս պա­րա­գա­յին։ Հե­տեւա­բար, դէմ­քե­րու եւ չա­փա­նիշ­նե­րու լոյ­սին տակ Տա­վու­տօղ­լու կը ձեռ­նար­կէ ո­րո­նում­նե­րու։ Սա Թուր­քիոյ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան պատ­մու­թեան մէջ նման ա­ռա­ջին փոր­ձա­ռու­թիւնն է՝ իր են­թադ­րած բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րով ու ծանր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ։

Էր­տո­ղա­նի կող­մէ պաշ­տօ­նի կո­չուե­լէ վերջ, Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու ե­րէկ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քեց Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ։ Զանգուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մանակ վար­չա­պե­տը յի­շե­ցուց, թէ Յու­նի­սի 7-էն ի վեր միշտ հե­տե­ւած էր օ­րի­նա­կա­նու­թեան գծին։ Հի­մա եւս ան թոյլ պի­տի չտայ, որ շե­ղում­ներ ըլ­լան Սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն։ Տա­վուտօղ­լու նշեց, որ եր­կի­րը առ­կայ կէ­տին չէ հա­սած ի­րենց կամ­քին հե­տե­ւան­քով։ Ակ­նար­կելով ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րուն՝ ան յայտ­նեց, որ ան­կա­րե­լի է եր­կի­րը կա­ռա­վա­րել փակ պա­հե­լով երկ­խօ­սու­թեան դռնե­րը։

Տա­վու­տօղ­լուի խօս­քե­րով, ժա­մա­նա­կա­ւոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին շուրջ պատ­կեր մը ու­րուագ­ծուած է իր մտքին մէջ։ Յա­մե­նայն­դէպս, ան յար­մար չդա­տեց այս փու­լին բարձ­րա­ձայ­նել ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Տա­վու­տօղ­լու դի­տել տուաւ, թէ իր մտքի ա­նուն­նե­րը չէ բաժ­նած նոյ­նիսկ ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րուն հետ։ Վար­չա­պե­տը ընդգ­ծեց, որ ներ­կայ հանգ­րուա­նին աչ­քէ ան­ցու­ցած է անխ­տիր բո­լոր ե­րես­փո­խան­նե­րուն կեն­սագ­րու­թիւն­նե­րը։ Ան հա­մո­զուած է, թէ հա­կա­ռակ ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու չկա­մու­թեան, ինք հար­կադ­րուած է ա­նոնց ան­դամ­նե­րուն ան­հա­տա­կան հիմ­քի վրայ ա­ռա­ջարկ­ներ տա­նե­լու, այ­լա­պէս խախ­տած կ՚ըլ­լայ Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2015