«ԱՈՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ 1 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ԳԱՂԹԱԿԱՆ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՐԲԵՐՈՒ
«Աուրորա» մրցանակը աշխարհի չորս երկիրներու մէջ գումարներ պիտի յատկացնէ՝ գաղթական երախաներու եւ որբերու աջակցութեան վերաբերող քանի մը ծրագիրներու: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, «Աուրորա» մրցանակէն առաջին առթիւ 1 միլիոն տոլար նուիրատուութիւն պիտի ուղարկուի Ռուանտայի, Եթովպիոյ, Քոնկոյի եւ Պրազիլի մէջ իրականացուող նախագիծերուն՝ պայքարելու մանկական աղքատութեան դէմ եւ նպաստելու գաղթական երախաներուն ու որբերուն ցուցաբերուող աջակցութեան:
«Աուրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հեղինակ IDeA (Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ) բարեգործական հիմնադրամէն, «Աուրորա» մրցանակի դափնեկիր, Պուրունտիի Խաղաղութեան տուն (Maison Shalom) խնամատար հաստատութեան եւ ՌԵՄԱ հիւանդանոցի հիմնադիր Մարկարիթ Պարանքիցէ այս տարի ստացաւ 100 հազար տոլարի պարգեւ եւ առաւել ազդեցութիւն գործելու կարելիութիւն՝ 1 միլիոն տոլարի դրամաշնորհին համար առաջադրելով զինք գործի մղած եւ ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւնները: Պարանքիցէ ընտրեց իր գործընկերները՝ «Պրիտերլեխ Տելեն» (Լիւքսեմպուրկ), «Ժան Ֆրանսուա Փեթերպրոք» եւ Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դուքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնադրամները, որոնք իրենց հերթին 19 Օգոստոսին յայտարարած են անունները այն նախագիծերուն, որոնց պիտի ուղղուի մրցանակի գանձատրման աջակցութիւնը:
«Աուրորա» մրցանակը իւրայատուկ է անով, որ կարելիութիւն կու տայ ինծի կիսել պարգեւը՝ զիս մեծապէս յուզող հիմնահարցերու լուծման համար», ըսած է «Աուրորա» մրցանակի դափնեկիր Մարկարիթ Պարանքիցէ՝ աւելցնելով. «Մրցանակին միջոցով մենք կրնանք աշխարհի տարբեր կողմերը ապրող երախաներուն իսկապէս ցոյց տալ սիրոյ եւ բարութեան զօրութիւնը՝ ընդդէմ ատելութեան ու դաժանութեան»:
Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դուքսի եւ Մեծ Դքսուհիի հիմնադրամը իր բաժինը պիտի տրամադրէ Եգիպտոսէն Եթովպիա գաղթած էրիթրէացի 200 գաղթականներու օժանդակութեան: Այս նախագիծին նպատակն է պաշտպանել երիտասարդները օգտագործումէն եւ բանտարկութենէն, իրականացնել մասնագիտական վերապատրաստում եւ կառուցել կրթական կեդրոն, ուր կրնան ուսանիլ տարեկան առնուազն 200 գաղթականներ:
«Աուրորա» մրցանակը պիտի օժանդակէ նաեւ «Ժան Ֆրանսուա Փեթերպրոք» հիմնադրամին՝ աջակցելու լքուած, բռնութենէն եւ այլ դժուարութիւններէ տուժած երիտասարդ կիներուն ու աղջիկներուն՝ վերահամարկման, կրթական եւ տնտեսական-վերականգնողական աջակցութեան կարելիութիւն ընձեռելու միջոցով:
«Պրիտերլեխ Տելեն» հիմնադրամը կը նախատեսէ դրամական միջոցներ տրամադրել Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ շատ աղքատ թաղամասերու երիտասարդ բնակիչներուն կրթութեան կարելիութիւններ ընձեռելուն: 100 երախաներու եւ 67 մեծահասակներու համար պիտի ստեղծուի քաղաքացիական կրթութեան ծրագիր՝ հմտութիւններ, որոնք անհրաժեշտ են թմրանիւթի, թրաֆիքինկի ծուղակներէն պաշտպանուելու համար: Ռուանտայի կաթողիկէ թեմին հետ անոնք միջոցներ պիտի յատկացնեն նաեւ դպրոցական կառոյցներու բարելաւման ու արդիականացման՝ վերանորոգելով դասարանները, գրասենեակները եւ սանհանգոյցները:
Երեք կազմակերպութիւնները պիտի շարունակեն աջակցիլ Մարկարիթ Պարանքիցէի «Խաղաղութեան տան», որ հիմնուած է 1993 թուականին՝ դառնալով 25 որբերու խնամակալ, եւ մինչ օրս աջակցած է 30 հազար որբերու եւ կարիքաւոր երախաներու:
«Մենք մեծ բաւարարութիւն կը զգանք՝ տեսնելով, որ «Աուրորա» անդրանիկ մրցանակը իրական եւ էական փոփոխութիւն կը բերէ աշխարհի տարբեր երկիրներու ամենակարիքաւոր համայնքներուն», ըսած է «Աուրորա» համաշխարհային մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան՝ աւելցնելով. «Աուրորա» մրցանակը՝ որպէս նախաձեռնութեան մաս մը, ստեղծուած է միանալու աշխարհի մէջ կատարուող բացառիկ գործերուն՝ որպիսին է Մարկարիթ Պարանքիցէի գործունէութիւնը: Մարկարիթն ու իր ընտրած կազմակերպութիւնները մրցանակային պարգեւը կ՚ուղղեն բարեգործութեան շղթան շարունակելու եւ աշխարհը բարեփոխելու ջանքերուն»: