ԱԶԴՈՒ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ
Թուրք զինեալ ուժերու Սուրիա մուտքը արդէն փոփոխութեան ենթարկած է տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւնները։ Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ, Թուրքիոյ սահմանին վրայ ապրուեցան զանազան խմորումներ, որոնք լուրջ անհանգստութիւն պատճառեցին Անգարայի ղեկավարութեան։ Այս բոլորէն վերջ, Թուրքիա նախընթաց օր իր զօրքերը Սուրիա ուղարկեց՝ «Եփրատի վահան» գործողութեան շրջագծով։ Արդէն յայտնի դարձած է, որ բարձր արհեստավարժութեամբ թրքական զօրքերը իրականացուցած են այս գործողութիւնը՝ առանց տուժելու որեւէ ձեւով։ Սահմանամերձ Ճերապլուս քաղաքը թրքական զօրքերուն շնորհիւ ամբողջութեամբ մաքրագործուեցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումէն։ Երէկ, Ճերապլուսի մէջ հանդիսաւոր ձեւով պարզուեցաւ ազատ Սուրիոյ բանակի դրօշը։ Քաղաք այցելեց նաեւ զօրավար Զեքայի Աքսաքալլը, որ կը ղեկավարէ զօրքը։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, թրքական զօրքերը երէկ ռմբակոծեցին նաեւ ԵՓԿ-ի դիրքերը։ Ճերապլուսի ԻՇԻՊ-է մաքրագործման շրջանին ԵՓԿ գրաւած էր քաղաքի մերձակայ քանի մը գիւղերը։ Այս պատճառով, թուրք բանակը ռմբակոծեց նաեւ ԵՓԿ-ի դիրքերը։ Մնաց որ, Թուրքիա վաղուց կը պահանջէ ԵՓԿ-ի Եփրատի արեւելքը վերադառնալը եւ ներկայ գործողութիւններուն հիմնական նպատակներէն մին է այս մէկը։
Միջազգային գետնի վրայ ալ լայն արձագանգ ստեղծած է «Եփրատի վահան» գործողութիւնը։ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն երէկ յայտնեց, թէ Թուրքիա պատրաստ է Սուրիոյ մէջ մնալու այնքան, որքան անհրաժեշտ է՝ մինչեւ ԻՇԻՊ-ի մաքրագործումը։ Եւրոխորհրդարանն ալ երէկ զօրակցութիւն յայտնեց թուրք բանակի այս վերջին գործողութիւններուն համար։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Կերասիմով այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ՝ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հրաւէրով։
ՃԻԶՐԷԻ ՄԷՋ 11 ՆԱՀԱՏԱԿ
Ճիզրէի մէջ այս առաւօտ պատահեցաւ շատ ցաւալի դէպք մը։ Շըրնաքի այս գաւառակէն ներս ոստիկանական կեդրոնը ենթարկուեցաւ ՓՔՔ-ականներու յարձակման։ Ահաբեկիչները յարձակումը կատարեցին ռումբերով բեռնաւորուած ինքնաշարժի մը միջոցաւ։ Դժբախտաբար 11 ոստիկան նահատակուեցաւ։ 78 հոգի ալ վիրաւորուած է այս տմարդի արիւնալի արարքին հետեւանքով։ Կը հաղորդուի, որ վիրաւորեալներէն երկուքին վիճակը ծանր է լրջօրէն։