ԱՐԴՈՒԻՆԻ ՄԷՋ ԾՈՒՂԱԿ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ե­րէկ Ար­դուի­նի մէջ յար­ձա­կում մը գոր­ծեց ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի ինք­նա­շարժ­նե­րու շա­րա­սիւ­նին վրայ։ Ընդ­դի­մա­դիր կու­սակ­ցա­պե­տը Ար­դուին կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նակ յայտ­նուե­ցաւ ա­հա­բե­կիչ­նե­րու հրթիռ­նե­րու ծու­ղա­կին մէջ։ 25 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ բա­խում մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, մինչ դէպ­քի վայ­րէն ա­ռանց տու­ժե­լու փրկուե­ցաւ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու։ Դժբախ­տա­բար ոս­տի­կան զօր­քե­րէն զի­նուոր մը նա­հա­տա­կուե­ցաւ, եր­կու են­թաս­պայ ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը բա­րե­բախ­տա­բար նկա­տե­ցին, որ ա­հա­բե­կիչ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին հրթիռ մը ար­ձա­կել։ Թիկ­նա­պահ մը կրա­կե­լով ար­գելք հան­դի­սա­ցաւ այդ ա­հա­բե­կի­չին։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ, Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էֆ­քեան Ա­լա, Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տաղ, ինչ­պէս նաեւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լի եւ ՀՏՓ­-ի հա­մա­կու­սակ­ցա­պետ Սե­լա­հատ­տին Տե­միր­թաշ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ ան­մի­ջա­պէս հե­ռա­ձայ­նա­յին կապ հաս­տա­տե­ցին եւ ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016