ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՐԱԽ
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Հալէպի հայաբնակ շրջանները նախընթաց օր դարձած են ընդդիմադիր զինեալներու հրթիռակոծումներուն թիրախը: Չորեքշաբթի յետմիջօրէին պայթուցիկ տակառներ ինկած են «Թելաֆոն Հաուա»ի շրջանին մօտ՝ պատճառելով նիւթական ծանր վնասներ: Հրթիռները ինկած են Հալէպի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մերձակայքը։
Այս կապակցութեամբ Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան յայտնեց, որ հրթիռներուն հետեւանքով մարդկային կորուստներ չեն եղած։ Ըստ իրեն, Հալէպի հայկական շրջանակներուն համար Չորեքշաբթի օրը եղած է շատ ծանր: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այսօր բաւական դժուար օր մըն էր մեզի համար եւ երկու հրթիռներ ինկան մեր եկեղեցիին մօտ: Դպրոցին բարձրագոյն յարկը մեծ թիւիով երախաներ քննութիւն կը ներկայացնէին եւ անոնք հրաշքով փրկուեցան»։
Վերապատուելի Սելիմեան, որ հրթիռարձակումներէն անմիջապէս վերջ հասած է դէպքի վայր՝ շեշտեց, որ հրթիռները պատճառած են նիւթական մեծ վնասներ:
Հարկ է նշել, որ Հալէպի զանազան շրջաններ եւս ենթարկուած էին ծանր հրթիռարձակումներու՝ խլելով վեց անձերու կեանքը եւ պատճառ դառնալով տասնեակ անզէն քաղաքացիներու վիրաւորման: