ՓԱՐԻԶ՝ 2024-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ

Մի­ջազ­գա­յին լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւն­ներ յայտ­նե­ցին, որ ներ­կա­յիս Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փա­րիզն է 2024 թուա­կա­նին տե­ղի ու­նե­նա­լիք 33-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րը հիւ­րըն­կա­լե­լու գլխա­ւոր թեկ­նա­ծուն:

Մայրաքաղաք Փա­րի­զէն բա­ցի, ի­րենց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րած են նաեւ՝ Պու­տա­փեշ­տը, Լոս Ան­ճե­լը­սը եւ Հռո­մը: Ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 2017 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րին:

Իսկ 2020 թուա­կա­նի ո­ղիմ­պիա­կա­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Թո­քիո­յի մէջ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 26, 2016