ԷԼԻԱԶԱՊԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ԾՐԱԳՐԵՐԸ
Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին մտադիր է չորս տարի յետոյ հրաժարիլ գահէն, երբ լրանայ իր 95-ամեակը: «Միրըր» հրատարակութիւնը՝ վկայակոչելով արքունինքին մօտ աղբիւրները, հաղորդած է, որ արդէն սկսած է անհրաժեշտ փաստաթուղթերու պատրաստումը գահը ժառանգորդին՝ Էլիզապէթի աւագ որդիին՝ 68-ամեայ արքայազն Չարլզին յանձնելու համար:
«Նորին Մեծութիւնը կը յիշէ իր տարիքի մասին եւ կ՚ուզէ համոզուիլ, որ, երբ ժամանակը գայ, իշխանութեան յանձնումը տեղի կ՚ունենայ առանց խոչընդոտներու», ըսած է իրազեկ աղբիւրը։
Ինչպէս ծանօթ է, Էլիզապէթ Բ. թագուհին գահ բարձրացած է 1952 թուականին: Այսօրուան դրութեամբ ան աշխարհի մէջ ամենաերկար կառավարած միապետն է: Անոր որդին՝ արքայազն Չարլզ եթէ գահ բարձրանայ, կը դառնայ ամենատարիքոտ միապետը, որ ոչ մէկ ժամանակաշրջանի թագադրուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։